2011-01-09 09:58:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի՝ 2010 տարին։


2010ը Վատիկանի համար - եթէ 2009 տարին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ու եկեղեցւոյ համար եղաւ դժուար ու տագնապալից նոյնպէս եւ 2010 տարին բաւական բարդ տարի մը հանդիսացաւ։ Սեռային շահագործումներու գայթակղութիւնները կարգ մը կղերականներու կողմէ խորապէս ցնցեցին եկեղեցին, սակայն պատճառ դարձան նաեւ որ Եկեղեցին հակազդէ այս ողբերգութեան եւ յստակ դիրք մը որդեգրէ։2010 տարին յատկանշուեցաւ նաեւ Սրբազան Քահանայապետի հինգ կարեւոր առաքելական ճամբորդութիւններով, Միջին արեւելքի նուիրուած յատուկ Սինոդոսով, արեւմուտքի աւետարանացումի Քահանայապետական նոր խորհուրդի մը ստեղծումով եւ Սրբազան Քահանայապետին հետ հետաքրքրական հարցազրոյց-գիրքի մը հրատարակումով։



Ահա մի քանի թուականներ։



17 յունուար 2010-ին, Նորին Սրբութիւնը առաջին անգամուայ համար այցելեց Հռոմի Հրեաներու Տաճարը։



15-16 փետրուար, Իրլանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կը հաւաքուի Սրբազան Քահանայապետի շուրջ։ Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ մանուկներու Սեռային շահագործումը <<վայրագ ոճիր>> մըն է  եւ Աստուծոյ դէմ նախատինք։



20 մարտին, Սրբազան Քահանայապետը Իրլանտացի կաթողիկէներու նամակ մը կը յղէ որուն մէջ կը յայտնէ իր խոր ցաւը եւ գայթակղութիւնը ի տես մի քանի քահանաներու գործած սեռային շահագործումներուն եւ անոնցմէ կը պահանջէ որ հաշիւ տան Աստուծոյ առջեւ եւ Դատարաններու մէջ։



26 Մարտին, Հաւատոյ Ժողովի հովանաւորութեամբ միջազգային քննիչ յանձնախումբի անդրանիկ ժողովը տեղի ունեցաւ ստուգելու Մետճիուկորէի Տիրամօր Երեւումները ։



17-18 ապրիլ Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Մալդան ուր կը հաստատէ թէ Աւետարանի արժէքները հակամշակոյթ մըն են այսօրուան եւրոպայի մէջ տիրապետող անկրօնութեան դիմաց։



2 մայիսին Նորին Սրբութիւնը այցելեց Իտալիոյ Թորինօ քաղաքը Քրիստոսի Վարշամակի ցուցադրութեան առթիւ



11-14 մայիս Պենետիկտոս ԺԶ կը մեկնի Փորդուկալ ուր ֆադիմայի Տիրամօր նախանամութեան կը յանձնէ մարդկութեան եւ եկեղեցւոյ յոյսերն ու ցաւերը եւ կը յանձնարարէ Կաթողիկեները առանց վախի արտայայտելու իրենց հաւատքը։



4-6 յունիս, Կիպրոսի մէջ Սրբազան Քահանայապետը միջին արեւելքի Պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն կը յանձնէ Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնոդոսի համար պատրաստուած <<ինստրումէնտում լապորիս - աշխատանքային թղթածրար>> ը։ Սրբազան Քահանայապետը կը դատապարտէ <<հեղած արիւնը>> եւ կ՛անդրադառնայ կղզիի բաժանումի տխուր իրողութեան։



11 յունիսին, համայն աշխարհէն 15 հազարէ աւելի կղերականներ կը մասնակցին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Քահանայական Տարւոյն փակման պատարագին ։



28 յունիսին, Սրբազան Քահանայապետը կը հռչակէ ստեղծումը <<նոր աւետարանութեան>> խորհուրդին, որուն պաշտօնական ներկայացումը տեղի կ՛ունենայ 12 հոկտեմբերին ։



16-19 սեպտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Սգոցիան եւ Անգլիան։ Սկիզբը կ՝ենթադրուէր որ Սրբազան Հօր այս առաքելական այցելութիւնը յաջողութիւն չգտնէր, սակայն անիկա կը հանդիսանայ յաջող եւ պտղաբեր։

Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ Կարտինալ Ճոն Հէնրի Նիւմանի Երանացման արարողութեան։ Այցելութեան ընթացքին հանդիպում կ՝ունենայ Անգլիոյ Թագուհիին եւ երկրի պետական իշխանութիւններու հետ։



3 հոկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Բալերմօն, ուր հաւատացեալները կը հրաւիրէ չվհատելու եւ յուսահատութեան չմատնուելու ի տես դժուրութիւններուն որոնք գործազրկութեան կամ մաֆիայի պատճառաւ աւելի բարդ կը դառնան։



10-24 Հոկտեմբեր Առաջին անգամուայ համար Վատիկանի մէջ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ` տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու նուիրուած յատուկ Սիւնոդոս մը, որուն կը մասնկացին 180 սիւնոդոսական Հայրեր։Սիւնոդոսը շօշափեց միջին արեւելքի քրիստոնեաներու վերաբերող հարցեր։



17 հոկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը 6 նոր սուրբեր կը հռչակէ, որոնց մէջ նաեւ առաջին Աւստրալիացի սրբուհի Մարի Մագգիլլոբը։



1 նոյեմբերին, Իրագի Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ ահաբեկչական արարքի հետեւանքով 50 քրիստոնեաներ կը մահանան։ Նորին Սրբութիւնը կը դատապարտէ այս <<արտառոց եւ վայրագ գործը։>>։



6-7 նոյեմբեր, Պենետիկտոս ԺԶ կը մեկնի Սպանիա Սանդիակօ Տի Գոմբոսդելլայի սրբավայրը, ապա տեղափոխուելով Պարչելլոնա Սակրատա ֆամիլիայի պազիլիքայի օծումը կը կատարէ։ Այս արթիւ Նորին Սրբութիւնը կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան նեցուկ կանգնելու ընտանիքին ներմուծելով տնտեսական եւ ընկերային յարմար միջոցներ։



11 նոյեմբերին լոյս տեսաւ Սրբազան Քահանայապետի << Verbum domini>> առաքելական յորդորագիրը հիմնուած 2008-ի՝ Աստուծոյ խօսքին նուիրուած Սիւնոդոսական նիստի խորհրդածութիւններու վրայ։ Սրբազան Քահանայապետը կը շեշտէ Աստուծոյ խօսքը տարածելու ստիպողականութեան, աշխարհականացումի իրողութեան դիմաց։



19 նոյեմբերին, 24 նոր Կարտինալներու անուանումին առթիւ տեղի կ՝ունենայ Կարտինալական հաւաք Վատիկանի մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 140 կարտինալներու որոնք շօշափեցին կրօնի ազատութեան, ծիսական եւ սեռային մոլերանդութիւններու հայող նիւթեր։



23 նոյեմբերին, լոյս կը տեսնէ Գերմանացի լրագրող Փիթէր Սիվալտի Սրբազան քահանայապետի հետ հարցազրոյց-հատորը << Աշխարհի լոյս-Սրբազան Քահանայապետը, եկեղեցին եւ ժամանակի նշանները>> խորագրով։



16 դեկտեմբերին, Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուայ պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ Քրիտոնեաները իրենց հաւատքի հետեւանքով հալածանքի ենթարկուած ամենածաւալ հասարակութիւնը կը կազմեն ։



30 դեկտեմբերին, Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետական Յանձնախումբը նոր օրէնք մը կը վաւերացնէ դրամի լուացումի դէմ, ու նաեւ պայքարելու ահաբեկիչներու ֆինանսաւորումի դէմ։



Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի Տնօրէնը  Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին Ռատիօվատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի 2010ի գործունէութեան հաշուեյարդարը ներկայացուցած է, որով նշած է Նորին Սրբութեան <<օրինակելի վարուելակերպը >> ի տես մանուկներու Սեռային շահագործումի իրողութեան, մատնանշած է Միջին արեւելքի եկեղեցիներու նուիրուած յատուկ սիւնոդոսի կարեւորութիւնը եւ անդրադարձած՝ Սրբազան Քահանայապետի վասն կրօնական ազատութեան Կոչին ինչպէս նաեւ շեշտը դրած է Աւետարանի եւ անոր տարածման առաջնահերթութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.