2011-01-08 12:57:59

Վախճանեցաւ Աշխարհահռչակ Խմբավար Օհան Դուրեանը ։


Յունուար 6-ի առաւօտուն,88 տարեկանին վախճանեցաւ աշխարհահռչակ խմբավար Օհան Դուրեանը։ Մեծանուն խմբավարը ծնած էր 1922-ին Երուսաղէմի մէջ։ Ան ուսանած էր երգահանութիւն։Երիտասարդութեան տարիներէն համերգային շրջագայութիւններու ծրագրով Եւրոպա գտնուեցաւ։ Մինչեւ 1950-ականները ղեկավարեց Հայաստանի Ֆիլհարմոնիկ Նուաախումբը,ապա չյարմարելով խորհրդային հասարակարգին Դուրեան բնակեցաւ Եւրոպայի մէջ։
1962-69 տարիներուն, իբրեւ խմբավար հանդէս եկած է Լայպցիկի օփերայի թատրոնին եւ Լայպցիկի «Կեւանտհաուզ» նուագախումբին հետ, որուն ղեկավար նշանակուած է ան երկու անգամ:
Օհան Դուրեան աշխատած է աշխարհի 110 երկիրներու նուագախումբերուն հետ: Հայաստանի անկախացումէն ետք ան վերադարձաւ Հայաստան, եւ երկրի իշխանութիւններուն հրաւէրով ստանձնեց Հայաստանի Ազգային օփերայի նուագախումբի գլխաւոր խմբավարի պարտականութիւնը: 2002-2006 թուականներուն, Օհան Դուրեան ղեկավարած է նաեւ Մոսկուայի սիմֆոնիք նուագախումբը:
Ըստ հանգուցեալի այրիին՝ Ալիս Դուրեանին, խմբավարին վերջին խօսքերը ուղղուած էին իր մօրը, իսկ միտքերը եղած էին իր հայրենիքին հետ։ Խմբավար Օհան Դուրեանի թաղումը կազմակերպելու համար, ՀՀ վարչապետին որոշումով ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով մը՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.