Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս առաւօտ իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց,
Կարտինալ Ուիլլիամ Ժոզէֆ Լէվատան` Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը, Կարտինալ Մարգ Ուելլէթը՝
Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը ու ապա Կարտինալ Գլաուտիօ Հումմոս՝ Կղերի Ժողովի Երբեմնի
Կառավարիչը։ Իսկ վաղը կիրակի 9 յունուարին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը գլխաւորէ
Ս. պատարագը Վատիկանի Սիքստեան մատրան մէջ, եւ որուն ընթացքին ՜՜Մկրտութեան՝՝ խորհուրդը
կը մատակարարէ 22 երախաներու։ Սրբազան Հօր հետ կը համապատարագեն գերապայծառ Բրիեդօ` Վատիկանի
բարեսիրական մարմնի պատասխանատուն եւ գերապայծառ Վիկանօ' վատիկան քաղաքի ընդհանուր կառավարիչը
։