Նոր Ջուղայի Հայ կանանց Գթութեան Միութեան 95-ամեակի Նշում։
Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան (Կարմիր խաչ) միութիւնը հիմնադրուած է 1915-ին, նախաձեռնութեամբ
խումբ մը ազգանուէր հայուհիներու ։ Միութիւնը 95 երկար տարիներ հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներու
գաղափարին եւ նպատակներուն՝ ծաւալած է մարդասիրական եւ ազգանուէր գործունէութիւն։ Միութեան
95-ամեակի նշումի հանդիպումին բանախօսեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Ռէիսեան։
Ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի ստեղծման նպատակներուն, բացատրեց ՀՅԴ-ի ուղեկից կնոջական միութիւններու
պարտականութիւնները, շեշտելով, որ այդ կազմակերպութիւնները եւ ՀՕՄ-ը այսօր հայ ժողովուրդին
հանդէպ իրենց պարտաւորութիւններուն պէտք չէ մօտենան որպէս օգնութիւն, այլ՝ որպէս ժողովուրդի
զարգացման եւ բարգաւաճման ներդրում։