2011-01-08 13:30:05

Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը՝ Կիւրեղ Ա. Ծննդեան Պատարագը Մատուցեց Ներկայութեամբ Նախագահ Մետվետեւի` Ասիկա Բարեպատեհ Առիթ Մըն Է Հաստատելու Կապերը Պետութեան Հետ։


Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքը՝ Կիւրեղ Ա. Ծննդեան ճրագալոյսի պատարագը մատուցեց Փրկիչ Քրիստոսի պազելիքայի մէջ։
Ս. Զոհին ներկայ էին պետութեան աւագանիները, որոնց մէջ նաեւ նախագահ Մետվետեւ եւ անոր կողակիցը եւ հազարաւոր հաւատացեալներ։
Իր արտասանած ճառին մէջ, պատրիարքը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու հայրենիքին, ազգային միութեան եւ քրիստոնէական ոգիի արժէքներու համար։
Մենք կանչուած ենք գոհութիւն մատուցանելու Աստուծոյ ոչ միայն աղօթքով ու երգերով այլ եւ մեր բարի գործերով՝ հանդէպ մեր մերձաւորին, մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցւոյ ու մեր հայրենիքին։
Ծնունդը մեզի բերաւ ժամանակէն վեր արժէքներ, ինչպէս. սէրը, բարութիւնը որոնք սատարեցին ամրապնդելու ռուս ժողովուրդին բարոյական արժէքներն ու միութիւնը ։ Այս արժէքները այսօր եւս հիմը պէտք են կազմել մեր ընկերութեան, ըսաւ պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.