2011-01-08 13:51:47

Գահիրէ- Արաքս Երգչախումբը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Դ. Փառատօնին։


Հովանաւորութեամբ Աղեքսանդրիոյ պատրիարք Շնուտա Գ. պապի, կազմակերպութեամբ Գահիրէի Կեդրոնի եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Ռաֆայէլ եպիսկոպոսի, վերջերս ղպտի նախկին պատրիարքարան Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր երգերու 4-րդ փառատօնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանի Արաքս երգչախումբը՝ 5 մենակատարներով, գեղարուեստական ղեկավար՝ Միհրան Ղազելեան։ Առաջին անգամ ըլլալով Արաքս երգչախումբին հետ երգեհոնային նուագակցութեամբ հանդէս եկաւ Յակոբ Մազլումեան։ Փառատօնին ներկայ էր Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ամբողջ կազմը՝ գլխաւորութեամբ Եգիպտոսի հայոց առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի։ Ղպտի եւ Հայ առաքելական եկեղեցիներու կողքին մասնակցած էին նաեւ Էրիթրիոյ, Եթովպիոյ եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիները։
Յանուն հայ եկեղեցւոյ՝ արաբերէնով խօսք արտասանեց Ճորճ Սիմոնեան։ Փառատօնը այս տարի նուիրուած էր Ս. Ծնունդին, եւ երգացանկին մէջ նկատի առնուած էին ոչ միայն հոգեւոր-եկեղեցական, այլեւ հոգեւոր-ժողովրդական երգեր։ Փառատօնի աւարտին Աշոտ եպս. Մնացականեան Ռաֆայէլ եպիսկոպոսին յանձնեց փայտէ խաչքար մը, իսկ վերջինս բոլոր մասնակցողներուն յուշանուէրներ բաժնեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.