2011-01-07 12:36:39

Քահանայապետական Անուանում։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց
- Հայր Մունիոզը՝ որպէս ենթաքարտուղար ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդի։
- Գերապայծառ Դրավալինոն, որպէս մնայուն դէտ ՄԱԿի գիւղատնտեսական զարգացման միջազգային ֆոնտին։
Եւ պրազիլցի գերապայծառ Բրազ տէ Ավիսը՝ որպէս կառավարիչը կրօնաւորական հաստատութիւններու ժողովին։ 63-ամեայ գերապայծառ Բրազ տէ Ավիսը կը փոխառինէ կարտինալ Ռոտէ որ 76 տարեկան է։ կրօնաւորական հաստատութիւններու ժողովին նոր կառավարիչը՝ Գերապայծառ Բրազ տէ Ավիս, եղած է իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան դասախօս եւ կազմակերպիչը Ս. Հաղորդութեան ազգային 16-րդ ժողովին։
Նորին Սրբութիւնը Նաեւ նշանակեց Եւրոպայի նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի անդամ 9 կարտինալներ, սատար հանդիսանալու վերոյիշեալ խորհուրդի նախագահ գերապայծառ ֆիզիքելլային, ու նաեւ այլ տասը անդամներ։ Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի 19 անդամներու մեծամասնութիւնը եւրոպացի են։ Անցեալ Հոկտեմբերին սկիզբը , Նորին Սրբութիւնը ստեղծեց Եւրոպայի նոր աւետարանութեան քահանայապետական այս խորհուրդը, նոր սլացք մը տալու՝ Եւրոպայի աւետարանութեան։ 2012-ի հոկտեմբերին նախատեսուած է եպիսկոպոսական սիւնոդոսի մը գումարումը նուիրուած Եւրոպայի աւետարանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.