2011-01-07 12:36:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Աստուածայայտնութեան Տօնի Առթիւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Նորին Սրբութիւնը կ'աղօթէ Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար որոնք կը պատրաստուին Ս. Ծնունդը տօնել լարուած կացութեան մէջ։
Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, կէսօրին, Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց աւելի քան տասը հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին, մաղթեց որ Արեւելքի քրիստոնեաներու Ս. Ծնունդը որ կը զուգադիպի 7 Յունուարին, ամրապնդէ բոլոր այն համայնքները որոնք դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին եւ հալածանքի ենթակայ են։ Նորին Սրբութիւնը կ'ակնարկէր անցեալ 31 յունուարին Իրաքի ու Եգիպտոսի քրիստոնեաներու դէմ կատարուած մահափորձերուն։
Նոյնպէս Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը արտայայտեց մաղթելով որ մանուկները մեծնան աշխարհի բաց մտայնութեամբ, անոնց մէջ զարգացնելով սիրոյ ու եղբայրակցութեան զգացումները եւ հեռու պահելով զանոնք եսակեդրոնէն ու սպառապաշտութենէն։
Ինչպէս սովորութիւն է` Աստուածայայտնութեան տօնին կէսօրին ս. Պետրոսի հրապարակը հասաւ թափօր մը ՜՜մոգերու եւ միջնադարեան հագուստներով զարդարուած անձերու, Նորին Սրբութիւնը, Մարեմեան աղօթքէն ետք, ողջունեց զանոնք.
Իսկ առաւօտուն, ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜Աստուած մարդու հակառակորդը չէ եւ տիեզերքը դիպուածով մը չգոյացաւ՝՝։
Սրբազան Հայրը հաւատացեալները հրաւիրեց որ չնկատեն Աստուած որպէս մարդու հակառակորդ եւ կաշկանդողը մարդու ազատութեան, ինչպէս կը խորհէր Հերովդէս թագաւորը Յիսուսի ծնունդէն ետք։ Ընդհակառակակն ան խրախուսեց զանոնք վստահ ըլլալու թէ Աստուած ոչ մէկ բանէ կը զրկէ մարդը եւ ոչ ալ կը սպառնայ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով նշանակութիւնը աստղի, որ մոգերը կ'առջնորդէր, հաստատեց թէ մոգերը գիտակից էին թէ աստղին հետեւելով կը փնտռէին իրականութեան խոր իմաստը եւ համոզուած՝ թէ կարող էին Աստուծոյ հետ հանդիպում ունենալ։ Տիեզերքը, հետեւաբար ընդգծեց Սրբազան հայրը արդիւնքը չէ դիպուածի մը , ինչպէս կարգ մը անհատներ կ'ուզեն որ մենք հաւատանք։
Տիեզերքը ուսումնասիրելով մենք կանչուած ենք տեսնելու Աստուծոյ իմաստութիւնը, Աստուծոյ անհատնում երեւակայութիւնը, անհուն սէրը մեզի հանդէպ։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց թէ Աստուած մարդուն յայտնուեցաւ ոչ թէ աշխարհի զօրութեան նշանով այլ ամենայն խոնարհութեամբ որպէսզի մեզ բարեփոխէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.