2011-01-07 12:53:19

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը Գերերջանիկ ֆուատ Թուալ , Պատւոյ Տոքթորայի Արժանացաւ Խաղաղութեան Ի Խնդիր Իր Տարած Աշխատանքին Համար։


Բատերբոն՝ Գերմանիոյ աստուածաբանութեան համալսարանը յառաջիկայ 9 մայիսին աստուածաբանութեան պատւոյ տոքթորա կը շնորհէ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալին խաղաղութեան ի խնդիր իր տարած աշխատանքին համար։ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը ծնած է Յորդանանի Մատապա շրջանը 1940ին։ 1966ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է եւ մասնագիտացած՝ կանոնագիտութեան մասնաճիւղին մէջ։ Եղած է առաքելական դեսպան Հոնտուրաս, Գահիրէ , Պոն եւ Լիմա, ապա նշանակուած է Թիւնիզի առաջնորդ։ 2005ին կը նշանակուի Երուսաղէմի տեղապահ պատրիարք։ 2007ին կը դառնայ անդամ միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին եւ 2008ին կը բարձրանայ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքական աթոռին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.