2011-01-07 12:34:50

Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ՝ Կարտինալ Թիւրքսոնի Գնահատումով, Ահաբեկիչները Միակ Պատասխանատուները Չեն Աղեքսանդրիոյ Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Մահափորձին, Ասիկա Հետեւնաքն Է Երկրի Կրօնական Անհանդրժողութեան։


Կարտինալ Թիւրքսոն` նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կ'ընդգծէ թէ Աղեքսանդրիոյ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած մահափորձը պէտք չէ վերագրուի միայն ահաբեկիչներուն, հարկ է որ Եգիպտոսի կառավարութիւնը իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ եւ փոխէ իր քաղաքականութիւնը ղպտի քրիստոնեաներուն հանդէպ։
Եպիպտոսի կառավարութիւնը պէտք է գիտակցի որ մահաձորձի զոհերը նախ եւ առաջ եգիպտացիներ են եւ պետութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել իր քաղաքացիները։ Կարտինալ Թիւրքսոն ցաւով կը մատնանշէ թէ Եգիպտոսի քրիստոնեաները յաճախ թիրախ են անհանդրժողութեան։ Անոնք քաղաքացիներ են առանց քաղաքացիութեան։
Խօսելով աշխարհականացումի նիւթին մասին , Ղանացի կարտինալը կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը ՜՜հաստատելու գերազգային իշխանութիւն մը՝ բոլորէն ճանչցուած եւ կարող բարոյական ուղղութիւն տալու ժողովուրդներու բարգաւաճումին՝՝։
Ներկայիս այս գերազգային իշխանութիւնը վերապահուած է ՄԱԿին, ուստի հարկաւոր է նոր դիմագիծ մը տալ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան, որը համապատասխան ըլլայ արդի ժամանակներու պահանջքին։
Բարձրաստիճան եկեղեցականին գնահատումով , կարեւոր է ստեղծումը նոր մարմնի մը որուն մաս կը կազմեն բոլոր ազգերը, որոնք ունենան հաւասար արժանաւորութիւն, հաւասար խօսքի ազատութիւն ու նաեւ կարելիութիւն ունեան աշխատասիրել համահաւասար ծրագիրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.