2011-01-05 12:32:56

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Այցելութիւնը Հռոմի Ճեմելլի Բազմաբուժարան։


Նորին Սրբութիւնը Տեսակցեցաւ Մանուկ Հիւանդներուն Հետ Եւ Օրհնեց Մանուկներու Վերապահուած Նոր Բաժինը։
Աստուածայայտնութեան տօնի նախօրեակին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութեց Հռոմի ճեմելլի բազնաբուժարանը, հանդիպում ունենալու հիւանդ փոքրերուն հետ եւ օրհնելու մանուկներու վերապահուած նոր բաժինը։ Բազմաբուժարանին մէջ, Սրբազան հայրը այցելեց 16 սենեակներ օրհնելով 28 մանուկներ եւ անոնց ծնողներն ու նաեւ զիրենք խնամողները։ Ապա Հիւանդանոցի մեծ սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն ունեցաւ հիւանդ 50 երախաներու հետ, անոնցմէ մէկը որդիական ուղերձ մը կարդաց։ Ապա երախաներէ կազմուած երգչախումբը Սրբազան Քահանայապետին առջեւ կատարեց երգեցողութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը իր հայրական ու քաջալերական խօսքը ուղղեց որմէ ետք ալ ծննդեան նուէրներ բաշխեց իւրաքանչիւր երախային։








All the contents on this site are copyrighted ©.