2011-01-05 13:52:32

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԼՐՋՕՐԷՆ ԿԸ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ 20-ԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՆՇՈՒՄԻՆ.


՝՝Հայրենիքը չեն սիրեր, քանի որ լաւ է, հայրենիքը կը սիրեն, քանի որ քուկդ է՝՝։ Արդէն երկու տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ կը գործէ սփիւռքի նախարարութիւնը։ Անցնող տարիներուն ընթացքին իրականացած եւ իրականացուելիք նախաձեռնութիւնները մէկ նպատակ ունին՝ հայրենիքի տանիքին տակ համախմբել աշխարհով մէկ սփռուած հայերը։
Հայկական սփիւռքին մէջ կապրին շուրջ 7 միլիոն հայեր։ Անոնց որոշ մէկ մասը Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք հաստատուեցաւ հայրենիքի մէջ։ 2006-2009 թուականներուն Հայաստանի մէջ կացութեան յատուկ եւ մնայուն կարգավիճակ ստացած են շուրջ 3000 սփիւռքահայեր, 2005-2009 թուականներուն տուներ գնած են շուրջ 15000 սփիւռքահայեր եւ վերջին 2 տարուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած են շուրջ 6000 սփիւռքահայեր։ Նկատի առնելով այն փաստը, որ հայ ազգին շուրջ երկու երրորդը կապրի երկրէն դուրս եւ բազմաթիւ իրաւական յարաբերութիւններ կարգաւորուած չեն, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հայրենադարձութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ։ Ըստ անոր, հայրենադարձութիւնը պիտի կազմակերպուի երկու եղանակով՝ անհատական- կամաւոր եւ պետական- յատուկ ծրագիրներով։
2010-ին նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուէին խառն ամուսնութիւններուն մէջ հայ որակներու պահպանումը, արեւմտահայերէնի ուսուցման հիմնախնդիրը, միօրեայ եւ ամէնօրեայ դպրոցներու հիմնահարցերը։ Երկու տարիներու ընթացքին կազմակերպուեցան 9 համահայկական համաժողովներ եւ կարելի եղաւ նաեւ իրականացնել ՝՝Արի տուն՝՝ ծրագիրը, որ պիտի շարունակուի։ Ըստ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարականին, 2011 թուականը յայտարարուեցաւ Սփիւռքի Միջազգայնացման Տարի։
Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ 2011 թուականը հետաքրքրական տարի մը պիտի ըլլայ ոչ միայն սփիւռքին, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ պիտի նշուին մեր երկու անկախ հանրապետութիւններուն՝ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ 20-ամեակները։ Սփիւռքի նախարարութիւնը լրջօրէն կը պատրաստուի այս յոբելեաններուն։
2011-ին պիտի նշուի նաեւ Անիի հիմնադրութեան 1050-ամեակն ու վերջապէս ամէնէն կարեւորը՝ 2011-ը յայտարարուած է Երիտասարդական Տարի։







All the contents on this site are copyrighted ©.