2011-01-05 13:45:53

Թուրքիոյ Փոխ-Վարչապետը Այցելեց Պոլսոյ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։


Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պիւլենտ Արընչ Պոլսոյ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը կատարեց կրնանք ըսել պատմական այցելութիւն մը ։ Արընչ մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած տեսակցութիւն մը ունեցաւ Յունաց Պատրիարք Պարթոլոմէոս Սրբազանին հետ։ Արդարեւ 58 տարուան ընդհատումէ մը ետք, առաջին անգամն էր որ այսքան բարձրաստիճան պետական գործիչ մը կ՝երթար Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը ։ Պարթոլոմէոս Պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնեց խորհրդանշական այս այցելութեան առթիւ։ Իր կարգին, Պիւլենտ Արընչ, լրագրողներուն խօսելով, նշեց թէ այցելութիւնը երկու նպատակ կը հետապնդէր։ Նախ եւ առաջ բարեմաղթութիւններ փոխանցել Նոր Տարուան առիթով, ապա յիշեցուց թէ անցեալ Օգոստոսին ինք խոստացած էր այցելել Յունաց Պատրիարքարանը։ Արընչ դիտել տուաւ թէ կառավարութիւնը երկրի բոլոր բնակիչներուն հանդէպ ապահով կեանքի պայմաններ ստեղծելու պարտականութիւնը ստանձնած է, ու մօտէն կը հետաքրքրուի փոքրամասնութեանց հարցերով։ Արընչ յիշեցուց նաեւ որ Խալքիի դպրեվանքին եւ վագըֆներու հարցով նոր օրէնքի մը նախագիծը ինք պատրաստած էր, որը սակայն մերժուեցաւ Սահմանադրական Ատեանին կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.