2011-01-04 13:27:37

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՒԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՈՂ ԹՈՒՐՔ ԽՄԲԱԳԻՐ ԵՒ ԳՐԱԳԷՏ ԱՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ- Ը` «ԹՈՒՏԷՅԶ ԶԱՄԱՆ»Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ-ը։


Թրքական ՝՝Թուտէյզ Զաման՝՝ օրաթերթի խմբագիրները (թերթը անգլերէնով լոյս կը տեսնէ) տարուան անձնաւորութիւն ընտրեցին թրքական ՝՝Թարաֆ՝՝ օրաթերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Ահմետ Ալթան-ը։ Թերթին համաձայն, Ալթան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է երկրին բարեկարգման մէջ։
Նշենք, որ ԱհմէտԱլթան ծանօթ է ՝՝Թարաֆ՝՝ի մէջ լոյս տեսնող՝ քաղաքական հիմնախնդիրներու շուրջ իր խոր մեկնաբանական սիւնակներով, որոնց պատճառով ան մահուան սպառնալիքներ ստացած է, որովհետեւ քննադատած է եւ կը քննադատէ ոչ միայն Թուրքիոյ զինուորականները, այլ նաեւ նոյնինքն թրքական կառավարութիւնը։
2008-ին Ալթան հրապարակեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած՝՝ Օ՜, իմ եղբայր՝՝ յօդուածը, որուն պատճառով խմբագիրին դէմ ուղղուեցաւ թրքական ինքնութիւնը վարկաբեկելու ամբաստանութիւնը՝ ըստ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի ծանօթ թիւ 301 յօդուածին։
՝՝Թուտէյզ Զաման՝՝ի համաձայն, Ահմէտ Ալթանի նման անձնաւորութիւնները իրենց կեանքին ընթացքին չեն մեծարուիր։ ՝՝Մենք Ալթանը ընտրեցինք Թուտէյզ Զամանի 2010 թուականի տարուան անձնաւորութիւն-ը՝ անոր նուաճումներուն եւ թապուներու յաղթահարման համար կիրարկած անխոնջ աշխատանքին ՝՝յայտնած է օրաթերթի տնօրէնութիւնը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.