2011-01-04 13:14:09

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2011 Տարին Հռչակեց Հայ Մանուկի Տարի։


Վերջին տասնամեակին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ լուսարձակի տակ բերուող յատկանշական ու հիմնական մտահոգութիւնները, ամբողջ տարուան ընթացքին ուշադրութեան առարկայ կը դառնան, վերանորոգելով մեր ազգային կեանքը։
Մեր հասարակաց կեանքին վերաբերող կարեւոր երեւոյթները ու մտահոգութիւնները տարուան նշանաբանը դարձնելով , Արամ Ա Կաթողիկոս շարժման մէջ կը դնէ մեր ազգային գիտակցութիւնը,վերազարթօնքի հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները։
Յիշեցնենք թէ Վեհափառը 2010-ը ՙՀայ Կնոջ Տարի՚ հռչակած էր։ Այս առիթով, թեմերէն ու գաղութներէն ներս տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ ու լոյս տեսան զանազան հրատարակութիւններ ՝՝հայ կեանքէն ներս կնոջ դերը՝՝ նիւթի մասին։

Մտաւորական եւ ազգային ու եկեղեցական գործիչ Հուրի Ազէզեան որ Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի ,եւ Ամերիկայի հայ գաղութները լաւ կը ճանչնան , իր գիրքերուն, ուսումնասիրութեանց, յօդուածներուն եւ քաղաքական թէ կրօնական դասախօսութեանց ընդմէջէն ՝՝Հայ Կնոջ՝՝ նիւթի մասին գրի առած իր յօդուածին մէջ կ՝ըսէ։
՝՝Ընդհանուր առումով, կրօնները սերտօրէն առնչուած են մարդկային ընկերութեան կեանքին հետ, անոր այլազան բնագաւառներէն ներս, եւ ներկայ ժամանակներու ընկերաբարոյական սկզբունքներու թէ մնայուն արժէքներու տեղատուութեան դիմաց, մարդը իր գոյութեան ու կոչումին վերարժեւորման մէջ՝ սկսած է վերադարձ մը ապրիլ դէպի կրօնական արժէքները։ Յիշենք թէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (WCC), որ միջ-եկեղեցական շարժումի հաստատութենական ամէնէն զօրեղ եւ լայնածաւալ արտայայտութիւնն է, 1987-1997 տարիները հռչակած էր «Եկեղեցիները՝ Զօրավիգ Կիներու Տասնամեակ»ին , լուսարձակի տակ առնելով անոնց դիմագրաւած ժամանակի բազմազան դժուարութիւնները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները, վերարժեւորելու եւ վերահաստատելու համար իգական սեռին տեղն ու դերը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մէջ։
Աւելի վերջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր 31 Դեկտեմբեր 2009 թուակիր Հայրապետական Գիրով, 2010 թուականը հռչակեց «ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ», կոչ ուղղելով զայն պատասխանատուութեամբ եւ յանձնառութեամբ արժեւորելու հաւաքական մեր կեանքէն ներս։
Չմոռնանք որ քրիստոնէական կրօնը՝ արդէն պատուաբեր տեղ շնորհած է իգական սեռին ,միաժամանակ որպէս աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը՝ նոյնքան անշրջանցելի է մեր պատմութիւնը, ուր կնոջական լուսազգեաց կերպարին ուրուանկարները մեզի հասած են դեռեւս նախաքրիստոնէական շրջաններէն։ Ագաթանգեղոսի բառերով Անահիտ Դիցուհին ներկայացուած է իբրեւ՝ «Փառք ազգիս մերոյ եւ կեցուցիչ…», «Շունչ եւ կենդանութիւն ազգիս հայոց...»։ Հետագային մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներուն, հայ կնոջ առաքինազարդ տիպարը ճառագայթուն մնացած է,մարմնաւորուած հոգեխօս դէմքերու կողմէ՝՝ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.