2011-01-03 13:36:28

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ
ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ 31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ։


Շաբաթ առաւօտ, 1 Յունուար 2011-ին, Ղպտի եկեղեցւոյ պետ` Ն.Ս. Շնուտա Գ. Պատրիարքին ուղղած իր նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խստիւ դատապարտեց Աղեքսանդրիոյ Ղպտի եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնը:
Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Եգիպտոսի մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ դարաւոր գոյակցութեան, կ՛ըսէ. «Երկար դարեր քրիստոնեաներ եւ իսլամներ միասնաբար ապրած են Եգիպտոսի մէջ, փոխադարձ յարգանքով ու համերաշխութեամբ: Հետեւաբար նման ահաբեկչական բռնարարքներ անընդունելի են եւ խստօրէն կը դատապարտենք կատարուած գործողութիւնը, որ անմեղ զոհեր խլեց: Վստահ ենք, որ Եգիպտոսի քրիստոնեաները եւ իսլամները համակեցութեան ու գործակցութեան ոգիով պիտի շարունակեն իրենց գոյակցութիւնը»:
Վեհափառ Հայրապետը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին, ու աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած ահաբեկչական գործողութեան զոհ դարձած հաւատացեալներուն հոգւոց խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ մխիթարութիւն կը հայցէ հանգուցեալներու ընտանեկան պարագաներուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.