2011-01-03 14:24:30

Եգիպտոսի Քրիստոնեաները Կ'ողբան Իրենց Հարազատներուն Կորուստը։
Շաբաթավերջին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ ղպտիներու Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուած պայթումին համար։


Դէպքէն անմիջապէս ետք քաղաքական եւ կրօնական անձնաւորութիւններ փութացին դատապարտելու պայթումը։
- Եգիպտոսի նախագահը՝ Հիւսնի Մուպարաք պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին դատապարտեց պայթումը՝ վստահեցնելով, որ ահաբեկիչները պիտի չյաջողին վտանգել Եգիպտոսի կայունութիւնը եւ պիտի չկարլնան երկփեղկում յառաջացնել քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ։ Նախագահը ըսաւ, որ գործողութիւնը կը կրէ անծանօթ եւ օտար կազմակերպութիւններու մատնահետքերը, եւ խոստացաւ ամէն գնով հետապնդել ոճրագործները։
- Իր կարգին, Եգիպտոսի մեծագոյն ընդդիմադիր Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութիւնը, որ տարիներէ է վեր դադրեցուցած է զէնքի ուժով իշխանութեան տիրանալու իր քաղաքականութիւնը, դատապարտեց ահաբեկչական արարքը։
- Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր մուֆթին կը յայտարարէ, որ Աղեքսանդրիոյ մէջ եկեղեցւոյ ականահարումը ոճրային արարք մըն էր, որ իսլամութեան հետ որեւէ կապ չունի։
- Իրաքի ներքին գործոց փոխնախարարը՝ Հիւսէյն Քամալ նոյնպէս դատապարտեց պայթումը՝ գործակցութեան կոչ ուղղելով արաբական երկիրներուն՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, եւ օժանդակելու՝ որպէսզի կասեցնեն արաբ զինեալներու մարզումները Իրաքի մէջ։
- Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը՝ Պարաք Օպամա որ Հոնոլուլուի մէջ է արձակուրդի համար, դատապարտեց ղպտիներու եկեղեցւոյ դէմ կատարուած քստմնելի ահաբեկչական գործողութիւնը՝ յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգները մօտէն կը հետեւին դէպքին եւ պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային օգնելու Եգիպտոսի իշխանութիւններուն՝ նման ահաբեկչական արարքներուն դէմ դնելու համար ։
Սպաննել անմեղ քաղաքացիներ, որոնք պարզապէս հաւաքուած էին նշելու Նոր տարին, ցոյց կու տայ ահաբեկիչներուն արժէքէ զուրկ գաղափարները, եւ մենք պատրաստ ենք նեցուկ կանգնելու Եգիպտոսի կառավարութեան, որպէսզի դատի կանչուին ոճրագործները, եզրափակեց Օպամա։
- Լիբանանի նախագահը՝ զօր Միշել Սլէյման ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Հուսնի Մուպարաքին խստիւ դատապարտելով այդ արարքը, որ կը հակադրուի բոլոր կրօններու սկզբունքներուն եւ հոգեւոր արժէքներուն հետ։
Նշենք որ Եգիպտոսի նախագահը աշխարհի չորս կողմէն ստացաւ նաեւ ցաւակցական գիրեր եւ զօրակցութեան նամակներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.