2011-01-02 10:30:28

Վատիկանի բանբերին հաղորդագրութիւնը Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւնները Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին Ամանորի առթիւ եւ յայտարարութիւնը Եգիպտոսի քրիստոնեաներու դէմ կատարուած մահափորձին, նիւթերու մասին։


Յունուար մէկին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ ճիորճիօ Նաբոլեդանոյի հետ Ամանորի բարեմաղթութիւններու փոխադարձումին համար, վերանորոգելով իր բարի մաղթանքները նախագահին եւ Իտալիոյ ժողովուրդին։ Արդարեւ ամավերջի պատգամին մէջ, ուղղուած Իտալիոյ ժողովուրդին, Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը, իր եւ Իտալացիներու անունով, սիրալիր խօսքեր ուղղած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։
Ապա Վատիկանի բանբերը` յիսուսեան հայր Լոմբարտին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց հայող Եգիպտոսի քրիստոնեաներու դէմ կատարուած մահափորձին։
Ի լուր Աղեքսանտրիոյ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած քրիստոնեաներու դէմ կատարուած մահափորձին խորապէս խռովուած ենք եւ կը դատապարտենք այս ահաւոր եւ անողորմ բռնութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը ի լուր այս քստմնելի ողբերգութեան խորապէս զգացուած ու վշտահար է։ Կը թուի ատելութեան ու մարդասպան ծրագիրը դադար չի ճանչնար եւ որուն հետեւանքով անմեղ հոգիներու արիւնը միշտատեւ կը հոսի։ Հարկաւոր է բոլորիս յանձնառումը ազդուօրէն հակասդելու ատելութեան։ Այս ողբերգական պահուն, մեր մօտիկութիւնը կը յայտնենք ատելիութեան զոհ ղպտի համայնքի հաւատացեալներուն եւ կը դրսեւորենք խաղաղութեան ու անվտանգութեան մեր սրտագին իղձը Եգիպտոսի բոլոր ժողովուրդին։
Նշենք թէ ամանորի կէս գիշերին, Աղեքսանդրիոյ Սիտի Պշիր թաղամասի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ առջեւ, ինքնաշարժ մը պայթեցաւ եւ որուն հետեւանքով սպաննուեցան 21 անմեղ հոգիներ եւ ուրիշ 79 հաւատացեալներ վիրաւորուեցան։ Ներքին գործոց նախարարութեան գնահատումով անձնասպանական գործողութիւն մը եղաւ։ Եգիպտոսի նախագահ Մուպարաք հեռուստատեսիլէն կատարած յայտարարութեան ընթացքին երաշխաւորեց թէ ահաբեկիչները պիտի չկարենան խախտել երկիրը եւ ոչ ալ իրարմէ բաժնել իսլամ-քրիստոնեայ մեր ժողովուրդը, մատնանշելով թէ այդ վատ արարքին մէջ կայ մատը օտարին։ Այս արիւնալի մահափորձը խորապէս ցնցած է Եգիպտոսի քրիստոնեայ հասարակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.