2011-01-02 10:28:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, մէկ յունուար 2011` պատգամին բնաբանն է. Կրօնական ազատութիւնը խաղաղութեան ճամբայ''


1-Քահանայապետին խաղաղութեան Օրուան պատգամները ցարդ, ուղղուած էին ոչ միայն հաւատացեալներուն այլ եւ ''բարի կամք ունեցող մարդոց'' եւ յատկապէս պետական անձնաւորութիւններուն։
Այս տարի Սրբազան հայրը իր պատգամը կ'ուղղէ բոլորին, աշխատելով տալու նիւթին ՜՜աստուածաբանականօրէն խորացուած տեսութիւն մը՝՝։

2- Պենետիկտոս ԺԶ. կ'ընդգծէ թէ ''2010 տարին՝՝ յատկանշուեցաւ հալածանքով, խտրականութեամբ, բռնութեան ահաւոր արարքներով ու կրօնական անհանդրժողութեամբ''։ Այդ ուղղութեամբ՝ Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ Իրաքը, մասնաւորապէս Պաղտատի ասորի կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ դէմ եւ իրաքեան մայրաքաղաքի քրիստոնեայ տուներու դէմ գործադրուած յարձակումը, նաեւ բռնութեան եւ անհանդրժողութեան արարքները, Ասիոյ, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Ս. Երկրի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը կը յիշէ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսի Հայրերու զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը կաթողիկէ համայնքներուն։

3- Աշխարհի կարգ մը վայրերու մէջ, դիտել կու տայ Սրբազան Հայրը, կարելի չէ դաւանիլ եւ ազատօրէն դրսեւորել կրօնական սեփական հաւատքը, եւ զայն կատարելու պարագային` հաւատացեալը վտանգի մէջ կը դնէ իր կեանքը ու անհատական ազատութիւնը ։ Այլ վայրերու մէջ` կան աւելի բարդ ու լռելեայն նախապաշարում եւ հակառակութիւն հանդէպ հաւատացեալներուն ու կրօնական խորհրդանիշերուն։ Քրիստոնեաները ներկայիս որպէս կրօնական խմբակ ամենէն աւելի հալածուած են իրենց հաւատքին համար։

4- Սակայն, կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը, մերժել ու սահմանափակել կամայականօրէն նման ազատութիւն մը, կը նշանակէ մթագնել կրօնքին հրապարակային դերը, կը նշանակէ մշակել մասնական տեսութիւն մը մարդկային անհատին, կը նշանակէ ստեղծել անարդար եւ անկատար ընկերութիւն մը, կը նշանակէ անկարելի դարձնել հարազատ եւ տեւական խաղաղութեան հաստատումը մարդկային համայն ազգին համար։ ''Մարդու էութիւնը, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, առարկայ մը չէ, այլ անձ մը, ունի բնական կոչում մը ինքզինք իրականացնելու, կապ հաստատելով՝ ուրիշին հետ եւ Աստուծոյ հետ''։ Հրեայ/քրիստոնէական իմաստութեան մէջ, անհատը վերացնական արժանաւորութիւն եւ, էական արժէք մըն է, սակայն շնորհիւ տրամաբանութեան, կարող է ըմբռնուիլ բոլորէն ։ Անիկա (Վերացնական արժանաւորութիւնը) պէտք է ընդունուի որպէս տիեզերական արժէք մը, անհրաժեշտ` ընկերութեան մը կերտումին որ կը հետապնդէ մարդու իրականացումն ու լիութիւնը։

5- Յիշենք՝ այն ինչ որ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը լրագրողներուն մինչ օդանաւով Փորթուկալ կ'ուղղուէր 11 մայիս 2010ին. ''Բազմամշակութային ընկերութեան մը մէջ եւրոպական մշակոյթը` հիմնուած տրամաբանութեան վրայ, կրօնական վերացնական ծաւալը տեղ չունի եւ ի վիճակի չէ երկխօսութեան մէջ մտնելու մարդկութեան բոլոր այն մեծ մշակոյթներու հետ, որոնք կրօնական վերացական ծաւալ ունին, որ յատուկ է մարդկային էակին։
Ուստի խորհիլ թէ լոկ տրամաբանութիւն մը կայ, հակա-պատմական, որ ինքնիրեն համար գոյութիւն ունի, պատրանք մըն է։ Հետեւաբար նման կացութեան մէջ Եւրոպայի առաքելութիւնը կը կայանայ երկխօսութեան մէջ մտնելով մշակոյթներու հետ ի մի բերելով հաւատքն ու տրամաբանութիւնը։

6- 2011ի խաղաղութեան համաշխարհային պատգամը կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը կրօնական ծաւալին, ոչ միայն Եւրոպայի այլ եւ համշխարհանացած աշխարհին , ներառելով զանազան մշակոյթներն ու քաղաքակրթութիւնները։
Անբաժան կապ մը կայ ազատութեան ու յարգանքի միջեւ։
Կրօնական ազատութիւնը հիմն է բարոյական ազատութեան ու քաղաքային համակեցութեան։ ''Ցնորք է բարոյական յարաբերականութեան մէջ գտնել բանալին խաղաղ համակեցութեան, ընդհակառակն անոր մէջ կը գտնենք բաժանումը եւ ուրացումը մարդու արժանաւորութեան''։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը մէջբերէ 2008ին ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին առջեւ արտասանած ճառը։ Նորին Սրբութեան համար անըմբռնելի է որ հաւատացեալները ''պէտք է ջնջեն իրենց էութեան մէկ մասը, իրենց հաւատքը, դառնալու համար գործօն քաղաքացիներ, ուրանալ զԱստուած իրենց իրաւունքները ունենալու։ Երբ կրօնական ազատութիւնը ընդունուած է, անհատին արժանաւորութիւնը կը յարգուի եւ այսպէսով կը զօրանանան բարոյականն ու ժողովուրդներու հաստատութիւնները։

7- Պատգամը կը շօշափէ բացայայտօրէն նաեւ դժուարութիւնները որ այսօր կը դիմագրաւէ կրօնական ազատութիւնը սկսելով՝ բոլորէն ճանչցուած ու տեսանելի՝ Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի մէջ եւ Ափրիկէի, Ասիայի բազմաթիւ երիրներու մէջ։ Նորին Սրբութիւնը կ'ընդգծէ կրօնական ազատութեան չարաշահութեան վտանգները։ ''քողարկելու թաքուն շահեր, ինչպէս օրինակի համար կառավարութեան տապալումը, հարստութեան վրայ տիրապետումը կամ իշխանութեան գրաւումը խմբակի մը կողմէ։ Այս ամէնը` մեծ վնասներ կարող են հասցնել ընկերութեան եւ հակառակ են կրօնքին''։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ կրօնքի հանդէպ նախապաշարումը որպէս սահմանափակում կրօնքի ազատութեան։ Այս երկու տուեալները կարող են դառնալ վտանգ մը ընկերային խաղաղութեան համար։ Ինչպէս միշտ Պենետիկտոս ԺԶ հաւատացեալներէն կը պահանջէ որ համոզումով ապրին իրենց հաւատքը ու անոնց ապրումները ըլլան համաձայն քրիստոնէական սկզբունքերուն։

8 - Սրբազան Քահանայապետը կը նկարագրէ որդեգրելիք կարեւոր քայլերը զարգացնելու՝ կրօնական ազատութիւնը, որպէս միջոց խաղաղութեան իրականացումին։
Առաջինը` անկեղծ երկխօսութիւն պետական ու կրօնական մարմիններու հետ, անհատին ամբողջական զարգացումին ու ընկերութեան ներդաշնակութեան համար։
Երկրորդ բարոյական ճշմարտութիւնը իր դերը պէտք է ունենայ քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան մէջ։

9 - Համաշխարհարականացած ընկերութեան մը մէջ, միշտ աւելի բազմազգային, բազմամշակութային ու բազմադաւան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը դիտել կու տայ թէ մեծ կրօները կարող են մարդկային ազգին համար դառնալ դերակատար միութեան ու խաղաղութեան։ Կրօնապետերը իրենց դերին, ազդեցութեան ու իշխանութեան բերումով մեծ պատասխանատուութիւն ունին գործելու կրօնքի ու խիղճի ազատութեան ի խնդիր։

10 - Պատգամը հրաւէր մըն է երկխօսութեան որպէս ճշմարտութեան փնտռտուք։ ''Եկեղեցւոյ համար, կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը, երկխօսութիւնը զանազան կրօներու հետեւորդներուն հետ կը հանդիսանայ համագործակցութեան կարեւոր միջոց մը հասարակաց բարիքին համար։ Նորին Սրբութիւնը յաճախ զօրակցութեան եւ հոգատարութեան խօսքը կ'ուղղէ տառապեալ, հալածուած ու բռնարարքներու զոհ Ասիայի, Միջին Արեւելքի ու մասնաւորապէս Ս. Երկրի քրիստոնեայ համայնքներուն։ Կը խնդրէ բոլոր պատասխանատուներէն գործել՝ վերջ դնելու այդ շրջաններու մէջ ապրող քրիստոնեաներու կրած հալածանքին։ Հուսկ իր մաղթանքը կը յայտնէ ''որպէսզի քրիստոնեայ արեւմուտքը, եւ մասնաւորապէս Եւրոպան, դադրեցնէ թշնամանքը ու նախապաշարումը քրիստոնեաներու դէմ պարզապէս որովհետեւ անոնք կ'ուզեն իրենց կեանքը ապրիլ Աւետարանի հիման վրայ, որ է արդարութիւն, ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն եւ մշակելով անկեղծ երկխօսութիւն մը բոլոր ժողովուրդներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.