2011-01-02 11:35:45

2010ին անողորմ կերպով սպաննուած են 23 հովիւներ Ամերիկայի, Ասիայի եւ Ափրիկէի ցամաքամասերու մէջ։


Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի պատկան ֆիտես` լրատուական գործակալութիւնը ամէն տարեվերջին կը հրապարակէ ցուցակը բոլոր այն հաւատացեալներուն որոնք անողորմ կերպով սպաննուեցան Աւետարանին համար վերջին 12 ամիսներուն։ 23 հոգիներու նահատակութիւնը 2010-ին կը թուի նուազ արիւնահեղ քան 2009 տարին։ Այս տխուր ցուցակին մէջ ի յայտ կու գայ թէ ամերիկեան ցամաքամասին մէջ 15 եկեղեցականներ զոհ գացած են։ Հաւատքի համար նահատակուած են մէկ եպիսկոպոս, 15 քահանաներ, մէկ կրօնաւոր, մէկ կրօնաւորուհի, 2 ժառանգաւորներ եւ երեք կամաւոր աշխարհականներ։ ֆիտեսի համար առժամեայ այս տուեալներուն ցանկին պէտք է աւելցնենք բոլոր անոնք որոնք անյայտ են՝ կը տառապին, կը հարստահարուին ու իրենց կեանքը կու տան Քրիստոսի համար, ինչպէս ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 26 դեկտեմբերին, թէ աշխարհի մէջ կը շարունակուին բռնութիւնները մասնաւորապէս Քրիստոսի աշակերտներու դէմ եւ աւելցնելով թէ երկիրը արիւնով արատաւորուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.