2010-12-31 12:07:42

Պէյրութի Մերսրոպեան Վարժարանի ՜՜Ալիս Ներկիզեան՝՝ անուան Մանկամսուրի Հանդիսաւոր Բացումը Մեսրոպեան Վարժարանի Բակին Մէջ Եւ Ապա Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մէջ Պարգեւատրում՝ Բարերար Վարուժ Ներկիզեանին։


Հովանաւորութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, եւ կազմակերպութեամբ՝ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, երեքշաբթի, 28 դեկտեմբերի երեկոյեան, վարժարանի բակին մէջ գտնուող՝ Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։
Վարժարանի աշակերտներէն Ցոլին Շահինեանի ողջոյնի խօսքէն ետք , ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Բլբուլ» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, հանդէս եկաւ Ս. Ծննդեան երկու երգերով , որոնցմէ ետք ալ մանկամսուրէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը ։
Խօսք առաւ նորաբաց «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի տնօրէնը Սալբի Մուղալեան որ նշեց թէ կատարելագործման առաջնորդուող «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը աշխատանք պիտի տանի երեխաներուն մօտ կերտելու ինքնագնահատումն ու յարգանքը, մշակութային իւրայատկութիւնները, անկախութիւնը եւ անհատական ուժերը։ «Ապահո՛վ զգացէք ձեր զաւակները ուղարկելով «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուր» եզրակացուց Մուղալեան իր խօսքը։
Ներկաները դիտեցին «Ա. Ներկիզեան» մանկամսուրին նպատակին, ընձեռած կարելիութիւններուն, սպասարկութիւններուն ու բարերարին մասին տեսաերիզ մը, որմէ ետք հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեան ընթերցեց Մոնրէալի հայ կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Զապարեանի ուղերձը, որուն մէջ գրուած էր, թէ Ալիս Ներկիզեանի անունը պիտի յաւերժացնէ նորաբաց մանկամսուրը, որ բացայայտ եւ լուսաւոր վկայութիւնն է իր ազնուափայլ վեհանձնութեան։ Հայր Զապարեան իր ուղերձին ընդմէջէն յոյս կը յայտնէ, որ յառաջիկային ուրիշներ ալ մաս կազմեն Ներկիզեան ընտանիքին ծառայութիւններուն, որպէսզի Մեսրոպեանը շարունակէ իր վերելքը՝ ի սպաս հայ ժողովուրդին։
Հանդիսութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի մնայուն բարերար Վարուժ Ներկիզեան, որ իր մօր՝ Ալիս Ներկիզեանի զոհողութիւնը գնահատեց՝ հաստատելով, որ այդ նուիրագործութեան ուղին իր զաւակներն ու թոռնիկները կը շարունակեն։ Ներկիզեան յայտնեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է Մեսրոպեան վարժարանին մէջ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը ստանձնելն ու իրականացնելը։ Վարուժ Ներկիզեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր մօր՝ իր զաւակներուն նկատմամբ իր ունեցած ծառայութեան համար։
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով մանկամսուրի աշակերտները երգեցին հայերէն ու ֆրանսերէն տօնական ուրախ երգեր։
Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնը՝ Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Ալիս Ներկիզեանը արժանի է, որ իր անունով կոչուի կրթութեան երկար ճամբու առաջին հունտերը ցանող մանկամսուր մը՝ իր անունին ընդմէջէն անմահացնելով նուիրեալ ու զոհուած հայ մայրերը։ Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանին համար մանկամսուրին անմիջական կառուցումը անհրաժեշտութիւն մըն էր, որ իրականացաւ շինարարական, ձեւաւորման եւ կահաւորման լաւագոյն միջոցներով ու որակաւոր, արհեստավարժ ու ատակ անձնակազմով։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բարերար Վարուժ Ներկիզեանին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարաշի հայրենակցական միութեան, որ կառուցած էր վարժարանի ծածկապատ միջանցքը։
Ձեռնարկին հայր Գէորգ վրդ. Եղիայեան կարդաց Պենետիկտոս ԺԹ. Քահանայապետին կողմէ Ալիս Ներկիզեանին ուղղուած օրհնութեան գիրը, որուն մէջ, սրբազան քահանայապետը էապէս կը գնահատէ Ներկիզեանի՝ կրթութեան նկատմամբ ունեցած հոգածութիւնն ու ծառայողական բարձր ոգին։
Հանդիսութեան աւարտին Տնօրէններ՝ Կրեկուար Գալուստ եւ Սալբի Մուղալեան ՜՜Ալիս Ներկիզեանին՝՝ յանձնեցին մանկամսուրի աշակերտներուն պատրաստած ու վարժարանին յուշանուէրները։ Յանձնումի արարողութեան յաջորդեց բացման աւանդական արարողութիւնը, մինչ «Բլբուլ» երգչախումբը տօնական երգերով ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ մը։
«Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրին բացումէն ետք, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Վարուժ Ներկիզեանի պարգեւատրման հանդիսութիւն մը, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, որ մեծապէս գնահատեց Վարուժ Ներկիզեանին նուիրական գործունէութիւնը՝ անցեալին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին «Աբրահամ Ներկիզեան» գրադարանը նորոգելով ու ներկայիս «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը ստեղծելով։
Հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեան ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին օրհնութեան գիրը, որուն մէջ նշուած է, թէ Վարուժ Ներկիզեան ազգասէր եւ եկեղեցասէր մարդ մըն է, որ հետեւողական ինքնաշխատութեամբ հասած է դիրքերու։
Այս առիթով, պատրիարքը «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը յանձնեց բարերար Ներկիզեանին։
Մեծարեալը Տիար Վարուժ Ներկիզեան, իր շնորրհակալութեան խօսքին մէջ նախ ըսաւ որ ինք հպարտ է, որ մաս կը կազմէ հայ կաթողիկէ համայնքին ու լիբանանահայութեան, սակայն միշտ պատրաստ է ծառայելու բոլորին։ Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային եւս կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն։
Իր կարգին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը հաստատեց, որ Ներկիզեանին ճիգերը սովորական նպատակներ չեն հետապնդեր, այլ՝ կը միտին նպաստել նորահաս սերունդներու ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան։ Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը աւելցուց, որ Մեսրոպեան վարժարանին նկատմամբ Ներկիզեանին ունեցած գուրգուրանքը ծառայութեան լաւագոյն օրինակն է, որ արժանի է համապատասխան գնահատանքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.