2010-12-31 12:08:22

Պատմական ուխտագնացութիւն ԳոմբոսԹելայի (Սպանիա) Ս. Յակոբայ (Նարդիակօ) Մայր Տաճար։


Սպանիոյ Գոմբոսթելա քաղաքի Սուրբ Յակոբայ Մայր Տաճարի Տեսչին՝` Գերապատիւ Խոսէ-Մարիա Տիազ Ֆերնանտէսի հրաւէրով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան պատուիրակութիւն մը, դեկտեմբեր կէսին, մեկնեցաւ Սանթիակօ տը Գոմբոսթելա։ Պատւորիակութիւնը կը գլխաւորէր Միջ-Եկեղեցական եւ Արտաքին Յարաբներութեանց Դիւանի Վարիչ՝ Արիս Արքեպս Շիրվանեան։
Պատուիրակութիւնը Տաճար մուտք գործեց Սուրբ Դռնէն, որ կը բացուի ամէն եօթ տարին մէկ անգամ։ Հայ հոգեւորականները ողջագուրուեցան Սուրբ Յակոբ Զեբեթեան Առաքեալի արձանին հետ եւ իրենց ուխտն ու երկրպագութիւնը։ Առաքեալի հետ ողջաուրումը հինէն եկած աւանդութիւն է իւրաքանչիւր ուխտաւորի համար, որ կ'այցելէ Սանթիակօ դը Գոմբոսթելա։
Հայր Խոսէ-Մարիա անոնց ցոյց տուաւ հրաշակերտ, խաչաձեւ Տաճարին մատուռները։ Ապա պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Կուլիանոս Արքեպիսկոպոսի հետ, որ իր ուրախութիւնն յայտնեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատուիրակութեան ներկայութեան առնչութեամբ եւ ընդծեց երկուստեք եղբայրական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը։
Արիս Արքեպսիկոպոս Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան կողմէ արծաթեայ սկիհ մը նուիրեց Գոմբոսթելայի Սուրբ Յակոբայ Մայր Տաճարին։
13 Դեկտեմբեր, 2010-ին պատուիրակութեան անդամները Երուսաղէմ վերադարձան հոգեզմայլ զգացումներով՝` Գոմբոսթելայի Սուրբ Յակոբայ Մայր Տաճար կատարած իրենց ուխտանացութենէն։
Գոմբոսթելայի մէջ կատարուած արարողութիւններուն ներկայ եղած են նաեւ շրջակայ քաղաքներէն եկած հայորդիներ, որոնք արտագաղթած են Հայաստանէն։ Մեր հոգեւորականները ծանօթացած են իրենց եւ հաճելի հոգեւոր հարցազրոյց մըն ալ ունեցած են։ Երկուստեք յոյս յայտնած են, որ Աստուծոյ կամօք պիտի հանդիպին 2011 թուականին նոյն սրբավայրի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.