2010-12-31 12:07:51

Հանդիսաւոր Մթնոլորտի Մէջ ՜՜ՊԶՏԻԿ- ՄԶՏԻԿ՝՝Ի Անսխալ Գրենք Մրցումի Մրցանակ Ստացան 47 Աշակերտներ։


Երեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, Ազդակ օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահը ողողուած էր երեխաներով, որոնք եկած էին (այս անգամ) ոչ թէ մասնակցելու ՜՜Ազդակի՝՝ մանկապատանեկան յաւելուած Պզտիկ-Մզտիկի ՜՜Անսխալ Գրենք՝՝ մրցանքին, այլ այս մրցանքին պտուղը քաղելու:
Արդարեւ, 28 նոյեմբերին (մէկ ամիս առաջ) կայացած մրցումին արդիւնքները ելած էին եւ հայկական 19 վարժարաններէն մասնակցած՝ աւելի քան 350 աշակերտներէն մրցանակ ապահոված էին 47 աշակերտներ, որոնցմէ եօթն՝ անսխալ արդիւնքով:
Ողջոյնի խօսք ուղղեց «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմի անդամ Լենա Արապօղլեան, ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, թէ՛ ծնողներուն, որոնք կը մղեն ու կը քաջալերեն իրենց զաւակները տիրապետելու մայրենի լեզուին, ջանք մը, որուն արդիւնքը արդէն իսկ կը ցոլայ «Անսխալ գրենք» մրցումին պատկերէն՝ մաղթելով, որ յառաջիկային ալ աւելի փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգեն մեր փոքրիկները: Արապօղլեան երախտագիտական խօսք ուղղեց նաեւ «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ին, որ կը հոգայ մեր մրցանակակիր մանուկներուն նուէրները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Մելքոն Էպլիղաթեան» ֆոնտին եւ «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» ֆոնտին:
Ապա խօսք առաւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիրը՝ Շահան Գանտահարեան. ան ուրախութիւն յայտնեց մրցանքի մասնակցողներուն թիւին որ տարուէ տարի կ՝աւի եւ բարձր արդիւնքներ կու տայ եւ անիկա նշան է թէ ՜՜հետաքրքրութիւն, կապուածութիւն ու սէր կայ հայոց լեզուին նկատմամբ՝՝։ Եւ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի ձեռք ձգած յաջողութիւնները քաջալերեցին բացի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»էն, նաեւ «Մելքոն Էպլիղաթեան» ու «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» ֆոնտերը բերելու իրենց օժանդակութիւնը ։
Ի դէպ՝ «Պզտիկ-Մզտիկ»ը շուտով պիտի թեւակոխէ իր 10-ամեակը եւ անշուշտ կան նոր ծրագիրներ, որոնք յառաջիկային պիտի ներկայացուին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ յայտնեց, թէ շնորհիւ նման ձեռնարկներու, աշակերտներուն մօտ կը ծաղկի մրցակցութեան ոգին, ինչ որ կը զարգացնէ հայոց լեզուի եւ հայերէնագիտութեան նկատմամբ անոնց սէրը: Սակայն ասոր զուգահեռ ան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ, որ օրէ օր լիբանանահայ գաղութին մէջ կը պակսի հայերէն լաւ գիտցողներուն թիւը, եւ ատիկա այն գաղութին մէջ, որ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն համար մարդուժ հայթայթած է: Նահանջը կասեցնելու համար կ՚արժէ գնահատել նման ձեռնարկներ քաջալերողները, իսկ «Պզտիկ Մզտիկ»ը գրեթէ միակն է, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ կը կատարէ գաղութին մէջ: Ապա խօսքը ուղղելով ծնողներուն՝ Ճինպաշեան յայտնեց, թէ իրենք բախտաւոր են, որ ներկայ են հանդիսութեան, քանի որ իրենց զաւակները մրցանակակիրներն են, եւ շեշտեց, թէ ինչ որ հայերէնի միջոցով կ՚ըլլայ, միայն հայերէնի համար չէ, քանի որ ո՛վ որ իր մայրենի լեզուն չի ճանչնար խորքով, իր գեղեցկութեամբ եւ իր գաղտնիքներով, այլ լեզուներու չի կրնար տիրապետել: Ան ի վերջոյ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»ին եւ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմին: Հուսկ՝ «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ի, «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» ֆոնտի եւ «Մելքոն Էպլիղաթեան» ֆոնտի ներկայացուցիչները՝ բաշխեցին մրցանակները: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.