2010-12-30 12:10:50

Քրիստոնեայ - Իսլամ երկխօսութեան մեկնակէտը պէտք է ըլլայ զիրար ճանչնալ եւ յարգել կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը


Քսան հոգիներէ բաղկացած իրանցի բարձրաստիճան լրագրողներու խումբ մը ընդունելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գործնական արտայայտութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը յատկապէս յիշեցուց ըսելով, թէ «ի՞նչ կ՛արժէ աստուածաբանական տեսական հարցերու մասին խօսիլ, երկխօսութեան համագումարներ կազմակերպել, երբ կրօնական մոլեռանդութենէ մղուած, Իրաքի մէջ քրիստոնեաներ կը սպաննուին, ուրիշ տեղ բռնարարքներ կը կատարուին, այլ տեղ կրօնական փոքրամասնութեան գծով վերապահութիւններ կը յայտնուին: Արդարեւ, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մեկնակէտը պէտք է դառնայ զիրար ճանչնալ այնպէս, ինչպէս որ ենք, եւ զիրար ընդունիլ ու յարգել դարձեալ այնպէս, ինչպէս որ ենք: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի իր դաւանած արժէքները, աւանդութիւնները, սկզբունքները եւ ճշմարտութիւնները ուրիշին պարտադրելու: Երկխօսութեան ճամբով մենք պէտք է մեր հասարակաց արժէքները աւելի ամրապնդենք եւ միաժամանակ մեր տարբերութիւնները յարգենք»:
Ապա վեհափառը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան ու վկայութեան: «Երկար դարերէ ի վեր քրիստոնէութիւնը այս շրջանին մէջ ներկայ է. նոյնիսկ իսլամութենէն առաջ: Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան հետ քրիստոնէութիւնը սերտօրէն կապուած է. ան իր վճռական դերը ունեցած է շրջանի պատմութեան մէջ: Ան մեծ նպաստ բերած է մշակոյթներու ու քաղաքակրթութեանց զարգացման: Ա՛յս գիտակցութեամբ հարկ է մօտենալ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Այս ծիրին մէջ, վեհափառը իբրեւ շօշափելի օրինակ անդրադարձաւ Իրանի հայութեան: «Իրանի հայութիւնը երկար դարերէ ի վեր կը գտնուի իրանեան հողին վրայ՝ իր իւրայատուկ մշակոյթով եւ ազգային ու կրօնական աւանդութիւններով եւ արժէքներով: Ճիշդ է, ան մաս կը կազմէ իրանեան հայրենիքին ու ընկերութեան, ան իր պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները ունի եւ միշտ նախանձախնդիր եղած է անոնց նկատմամբ, սակայն ան կը մնայ միաժամանակ կապուած իր կրօնական ու մշակութային ինքնութիւնը կազմող հաւատալիքներուն, արժէքներուն ու աւանդութիւններուն»:
Իրանի մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերութիւնները ներկայացնող լրագրողներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի աւարտին, վեհափառը դարձեալ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ անկեղծ գործակցութեամբ ամրապնդուած հաւաքական կեանքի վերածելու հրամայականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.