2010-12-30 12:10:42

Սուրիայ - Իսլամ-Քրիստոնեայ համակեցութեան համագումար


Չորեքշաբթի 15 դեկտեմբեր 2010-ին Դամասկոսի մօտ գտնուող համագումարներու մեծ պալատին մէջ, տեղի ունեցաւ Իսլամ-Քրիստոնեայ եղբայրութեան ու համախոհութեան նուիրուած միջազգային համագումար մը, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ կրօնից նախարարութեան ու յոյն կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ քրիստոնեայ համայնքներու։ Աւելի քան 1500 հոգիներ ներկայ գտնուեցան բացման նիստին, որոնց շարքին Իսլամ եւ Քրիստոնեայ հոգեւորականներ, պետական ներկայացուցիչներ, նախարարներ եւ հիւրեր, լրատու զանազան գործակալութիւններու ու հեռատեսիլի կայաններու թղթակիցներ ու պատասխանատուներ։ Ի միջի այլոց խօսք առին յոյն կաթողիկէ Լահհամ պատրիարքը, յոյն ուղղափառ Հազիմ պատրիարքը, ասորի ուղղափառ Իուազ պատրիարքը, կարտինալ ՍՖէյրի ներկայացուցիչ եպիսկոպոսը, Վատիկանի արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի քարտուղար եպիսկոպոսը, Սուրիոյ մուՖդի Շէյխ Պատրէլտին Հասսունը, Հէզպոլլայի փոխ առաջնորդ Շէյխ Նայիմ Քասէմ եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ ու քաղաքական գործիչներ, որոնք բոլորը շեշտեցին իսլամ եւ քրիստոնեայ համակեցութեան, հանդուրժողականութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ապահովութեան ու անոնց արժանապատիւ կեանքի պայմաններու ստեղծման կարեւորութեան ու անհրաժեշտութեան վրայ։ Միջամտութիւնները անդրադարձան արեւելեան Եկեղեցիներու նուիրուած վերջին Սիւնհոդոսի որոշումներուն (10-24 հոկտեմբեր, Վատիկան) ու սրբազան քահանայապետի արտայայտած միտքերուն, նկատելով այդ որոշումները որպէս ապագայի հիմնական սկզբունքներ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան։
Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին իր մասնակցութիւնը բերաւ համագումարին Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանով, որ ներկայացուց ամենապատիւ տէր Ներսէս-Պետրոս Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս պատրիարքը. ինչպէս նաեւ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ համայնքին անունով ներկայացան ժողովրդապետ հայր Գէորգ Պահէյեան ու խումբ մը համայնքի զաւակներ։
Ամենայն հայոց կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը ներկայացուեցան բարձրաստիճան եպիսկոպոսներով։
Բացման հանդիսաւոր նիստէն ետք տեղի ունեցան գիտական բնոյթի նիստեր, ուր ներկայացուեցան կարեւոր դասախօսութիւններ յայտնի մասնագէտներու ու հոգեւորականներու կողմէ։ Հանդիպումները ընդմիջուեցան կէսօրուայ ճաշով։ Համագումարը երկարեցաւ մինչեւ երեկոյ ու որդեգրեց համապարփակ հռչակագիր մը, որ ներկայացուեցաւ լրատու մարմիններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.