2010-12-30 07:49:36

Պենետիկտոս ԺԶ պատգամը Հռոմ քաղաքի եւ համայն աշախարհի


Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, որ զիս կ'ունկնդրէք Հռոմէն եւ համայն աշխարհէն,
ուրախութեամբ ձեզի կ'աւետեմ Ծննդեան պատգամը. Աստուած մարդ եղաւ, եւ բնակեցաւ մեր մէջ։
Աստուած հեռու չէ. մօտ է, մանաւանդ թէ, ''Էմմանուէլ'' է, Աստուած մեզի հետ։
Անծանօթ մը չէ. դիմագիծ մը ունի, Յիսուսի դիմագիծը։
Միշտ նոր պատգամ մըն է, միշտ զարմանալի, որովհետեւ կը գերազանցէ մեր ամենայանդուգն յոյսը նա մանաւանդ որովհետեւ լոկ աւետիս մը չէ դէպք մըն է, եղելութիւն մը, որ հաւատաւոր վկաներ տեսան, լսեցին, շոշափեցին Նազարէթի Յիսուսի անձին մէջ: Ըլլալով Անոր հետ, դիտելով անոր գործերը եւ անսալով անոր խօսքերը, Յիսուսի մէջ ճանչցան Մեսեան եւ զինք յարուցած տեսնելով, խաչելութենէն յետոյ, վստահ եղան թէ Ան է, ճշմարիտ մարդ, միաժամանակ ճշմարիտ Աստուած, Հօրմէն եկած Միածին Որդին, լի շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ (Յով. 1,14)։
''Բանը մարմին եղաւ''։
Այս յայտնութեան ի տես, դարձեալ մենք մեզի հարց կու տանք. թէ ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։
Բանը եւ մարմինը իրարու ներհակ իրադրութիւններ են. ինչպէս կարելի՞ է որ յաւիտենական եւ ամենակալ խօսքը դառնայ դիւրաբէկ եւ մահկանացու մարդ։
Մէկ պատասախան մը կայ միայն. Սէրը։
Ով որ կը սիրէ կ'ուզէ սիրեցեալի հետ բաժնեկցիլ, կ'ուզէ անոր հետ միանալ, եւ Ս. Գիրքը մեզի կը ներկայցնէ Աստուծոյ մեծ սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ, հասած իր գագաթնակէտին Յիսուս Քրիստոսով։
Իրականութեան մէջ Աստուած չի փոխուիր։
Ան Ինքնիրեն հետ հաւատարիմ է։
Ան որ ստեղծեց աշխարհը, նոյնն է որ կանչեց Աբրահամը եւ Մովսէսին յայտնեց իր Անունը Ես եմ ան որ է ... Աբրահամու, Իսահակի եւ Յակոբի Աստուածը ... Գթած եւ ողորմած Աստուած, սիրով ու հաւատարմութեամբ հարուստ (Ել.3,14-15. 34,6)։
Աստուած չի փոխուիր, Ան սէր է ի յաւիտենից եւ ցմիշտ։
Եւ էութեամբ հաղորդութիւն է, Միութիւն Երրորդութեան մէջ եւ իր ամէն մէկ գործը ու խօսքը կը ձգտի հաղորդութեան։
Մարդեղութիւնը արարչագործութեան գագաթնակէտն է երբ Մարիամի արգանդին մէջ, Հօր Աստուծոյ կամքով եւ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ Յիսուս կազմուեցաւ, Աստուծոյ Որդին մարդ եղաւ, արարչագործութիւնը իր կատարին հասաւ Տիեզերքի կարգաւորող սկզբունքը, Բանը, սկսաւ գոյանալ աշխարհի մէջ, ժամանակի եւ անջրպետի մէջ։
''Բանը մարմին եղաւ''։
Այս ճշմարտութեան լոյսը յայտնուեցաւ անոր որ հաւատքով ընդունեցաւ, որովհետեւ սիրոյ խորհուրդ մըն է։
Միայն անոնք որոնք կը բացուին լոյսին կը պարունակուին Ծննունդի լոյսով։
Այսպէս եղաւ Բեթղեդէմի գիշերը, նոյնպէս եւ այսօր։
Աստուծոյ Ոորդիին մարդեղութիւնը դէպք մըն է որ պատահեցաւ պատմութեան մէջ, սակայն միաժամանակ գերազանցեց զայն։
Աշխարհի խաւարին մէջ, նոր լոյս մը ծագեցաւ, որ Տէրը թող կու տայ տեսնուիլ հաւատքի պարզ աչքերով, Փրկիչը սպասող հեզ եւ խոնարհ սիրտ ունեցողէն։
Եթէ ճշմարտութիւնը լոկ չափագիտական բանաձեւ մը ըլլար, կերպով մը ինքզինք կը պարտադրէր։
Ընդհակառակը եթէ Ճշմարտութիւնը Սէր է, հաւատք կը պահանջէ, եւ մեր սրտին ''Այոն''։
Արդարեւ մեր սիրտը ի՞նչ կը փնտռէ եթէ ոչ Ճշմարտութիւն մը, որ Սէր ըլլայ։
Մանուկը զայն կը փնտռէ իր անակնկալ եւ հետաքրքիր հարցումներով կը փնտռէ երիտասարդը որ կարիքը ունի գտնելու իր կեանքի խոր իմաստը զայն կը փնտռեն հասուն այրն ու կինը, ուղղելու եւ նեցուկ կանգնելու ընտանիքին եւ առօրեայ աշխատանքին, զայն Կը փնտռէ ծերունին արժեքաւորելու երկրային կեանքի կատարումը։
Բանը մարմին եղաւ։ Ծննդեան աւետիսը լոյս է նաեւ ժողովուրդներու համար` մարդկութեան հաւաքական ուղեւորութեան ի նպաստ, ''Էմմանուէլը'' - Աստուած Մեզի հետ - եկաւ որպէս խաղաղութեան եւ արդարութեան թագաւոր։
Իր թագաւորութիւնը, գիտենք, այս աշխարհէն չէ բայց եւ այնպէս աւելի կարեւոր է քան աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները։
Մարդկութեան թթխմորի նման. եթէ պակսի կը նուազի ոյժը որ յառաջ կը մղէ ճշմարիտ զարգացումը.
խթանը համագործակցելու ընդհանուրի բարիքի համար, մերձաւորի անշահախնդիր ծառայութեան համար, խաղաղրար պայքարին արդարութեան ի խնդիր։
Հաւատալ Աստուծոյ որ ուզեց բաժնեկցիլ մեր պատմութիւնը միշտատեւ քաջալերանք մըն է յանձնառու ըլլալու նոյնիսկ կեանքի հակասութիւններու մէջ։
յոյսի պատճար է բոլոր անոնց համար որոնց արժանաւորութիւնը անարգուած է եւ բռնաբանուած, որովհետեւ Ան որ ծնաւ Բեթղեհէմ եկաւ ազատագրելու մարդը ամէն ստրկութենէ Ծննուդի լոյսը դարձեալ թող փայլի այն հողին վրայ ուր ծնաւ Յիսուս
եւ ներշնչէ իսրայելցիները ու պաղեստինցիները գտնելու խաղաղ եւ արդար կենակցութիւն։
Էմմանուէլը գալստեան մխիթարական աւետիսը ամոգէ ցաւերը եւ մխիթարէ սիրեցեալ Իրաքի եւ Միջին արեւելքի քրիստոնեաները, անոնց տալով սփոփանք եւ յոյս ապագայի համար եւ ոգեւորելով Ազգերու պատասխանատուները գործօն զօրակցութեան անոնց հանդէպ։ Այս թող կատարուի նաեւ անոնց որոնք Հայիթիի մէջ կը չարչարուին տակաւին թէ աղետալի երկրաշարժի եւ թէ ժանտախտի համաճարակի հետեւանքով
Ու թող չի մոռցուին անոնք որոնք կ'ապրին Գոլոմպիա եւ Վենիզուելա
Նոնպէս եւ Կուաթեմալայ ու Գոսդայ Րիքա, որոնք բնութեան աղէտին զոհ եղան։
Փրկչին ծնունդը թող բանայ հեռանկարներ կայուն խաղաղութեան ու ճշմարիտ բարգաւաճումի Սոմալի, Տարֆուրի, Գոթ տ'Իվուարի ժողովուրդներուն։
թող զարգացնէ Մատակասկարի քաղաքական եւ ընկերային կայունութիւնը։
թող բերէ անվտանգութիւն ու յարգանք Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի,
թող քաջալերէ երկխօսութիւնը ընդմէջ Նիքարակուէյի եւ Գոսդա Րիքայի,
թող նպաստաւորէ Քուրեական թերակղզիի մէջ համերաշխութեան ։
Փրկչին ծննդեան տօնախմբութիւնը թող հզօրացնէ Չինաստանի Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն` հաւատքի, համբերութեան եւ արիութեան ոգին
որպէսզի չվահատին կրօնական ու խիղճի ազատութեան սահմանափակումին պատճառաւ ու յարատեւեն Քրիստոսի ու անոր Եկեղեցւոյ հաւատարմութեան մէջ, ցայտուն պահելով յոյսի ջահը ''Աստուած մեզի հետ'' սէրը յարատեւութիւն տայ բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններու, որոնք կը կրեն խտրականութիւն ու հալածանք
եւ ներշնչէ քաղաքական եւ կրօնական պատասխանատուները յանձանռումով գործել բոլորին կրօնական ազատութեան յարգանքին ի խնդիր։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ''Բանը որ մարմին առաւ'' եկաւ մեր մէջ բնակելու
Էմմանուէլն է, Աստուած որ մեզի մօտ եղաւ, Միասնաբար խորհրդածենք սիրոյ այս մեծ խորհուրդին վրայ, թոյլ տանք որ մեր սիրտը լուսաւորուի Բեթղեհէմի քարայրէն պլպլացող լոյսով։

Շնորհաւոր ս. Ծնունդ բոլոիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.