2010-12-30 13:19:23

Ծննդեան Տօներու Ծիսական Արարողութիւնները՝Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գլխաւորութեամբ։


31 Դեկտեմբեր Ուրբաթ,2010 տարուայ վերջին օրը,յետ միջօրէին ժամը 18.00ին Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Աստուածամօր Տօնի Երեկոյան Ժամերգութիւնը որու պիտի յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան ցուցադրութիւնը եւ Թէ Տէում (Փառք ի Բարձունս) Գոհաբանական Տաղերգը։
1 Յունուար Շաբաթ 2011, առաւօտեան ժամը 10-ին, Աստուածամօր Տօնին , Խաղաղութեան 44.րդ Համաշխարհային Օրուայ եւ Բուէրի Գանթօրէս-ի(փոքրերու երգչախումբ) 36.երորդ Միջազգային Համագումարի առթիւ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարգը,մասնակցութեամբը Կարտինալներու եւ Արքեպիսկոպոսներու։ Խաղաղութեան 44.րորդ Համաշխարհային Օրուայ թէման է ՝՝ Կրօնական ազատութիւն՝ճանապարհ խաղաղութեան՝՝։
6 Յունուար Հինգշաբթի 2011, Աստուածայայտնութեան Տօնին օրը առաւօտեան ժամը 10-ին Պենետիկտոս ԶԺ Սրբազան Հայրը պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարգ։
9 Յունուար Կիրակի 2011, Վատիկանի Սիքստեան Մատրան մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին Սրբազան Հայրը պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը, մատակարարելով Մկրտութեան Խորհուրդը մի քանի նորածիններու։
Սիքստեան Մատրան եզակի ու անկրկնելի տեսարանը Միքելանճէլոյի քաջ ծանօթ գործերէն զատ,կը պարունակէ նաեւ այլ արուեստագէտներու կարեւոր որմնանկարները,որպիսի են՝Պոթթիչէլլի,Բերուճինօ եւ Սինիօրէլլի։ Մատուրը իր անունը կ՝առնէ Սիսթօ Դ.րդ Տէլլա Ռովէրէ-էն որ զայն կառուցել տուած է(1475-1480)։ Անմահ Միքելանճէլօ զարդարած է սոյն Մատրան Առաստաղի Կամարը(1508-1512) եւ յաջորդաբար Խորանի ետեւի պատը՝Վերջին Դատաստանով(1536էն-1541)։








All the contents on this site are copyrighted ©.