2010-12-29 12:54:51

Ս. Ծննդեան Տօնը Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Մէջ։


Շաբաթ, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Լիբանանի հայ կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան Ս. պատարագներ։
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը Ս. եւ անմահ պատարագին նախագահեց Կեդրոնական Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը իր արտասանած պատգամին մէջ նշեց, թէ ուր սէր կայ, աւելի դիւրին է տանիլ դժուարութիւնները եւ ցաւերը, իսկ ուր սէր չկայ, ցաւը անտանելի կը դառնայ եւ յուսահատութեան կը տանի, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ անձնասպանութեան։ Ուր հաւատք կայ՝ ցաւերը նոր իմաստ կը ստանան, եւ օգտակար կ՚ըլլան՝ Յիսուսի չարչարանքներուն մասնակից դառնալով, ինչպէս նաեւ արժէք կ՚առնեն մեր յաւիտենականութեան համար։
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ հիմնելու համար սիրոյ հասարակութիւն մը, ուր չկայ մէկը մոռցուած կամ առանձնացած եւ կամ յուսալքուած, այլ՝ բոլորն ալ իրարու հետ քոյր-եղբայր պիտի ըլլան՝ իբրեւ Յիսուսի անդամներ ուրախ եւ գործունեայ հասարակութիւն մը կազմելով։
Հոգեւոր տէրը նաեւ հաստատեց, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, իր կարողութեան չափով, կոչուած է իր մասնակցութիւնը բերելու վերոյիշեալ հասարակութեան բարիքին եւ ծաղկումին, ուր ո՛չ մէկը ձեռնպահ կամ անտարբեր կը մնայ։
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը նաեւ ըսաւ, որ նման հասարակութեան մէջ Յիսուս կը բնակի եւ Ինքն է, որ յառաջ կը տանի ծրագիրները, բայց Յիսուս չ՚ուզեր, որ առանց իւրաքանչիւր մարդու մասնակցութեան այս ծրագիրները իրագործուին։ Այս պատճառով ալ մեզմէ իւրաքանչիւրս պատրաստ պէտք է ըլլայ աշխատելու, որ այս հասարակութիւնը, այս կենդանի եկեղեցին ընդարձակուի։
Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ կատարուեցաւ շնորհաւորութիւններու փոխանակում։ Այնուհետեւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները ընդունեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.