2010-12-29 12:55:04

Գորիսի Բժշկական Կեդրոնի Բացումը ։


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ պաշտօնապէս բացուեցաւ Սիւնիքի մարզի Գորիսի բժշկական կեդրոնը։ Ս. Սարսեան՝ Առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանի ուղեկցութեամբ, շրջեցաւ կեդրոնը ու ծանօթացաւ պայմաններուն։ Յ. Քուշկեանը լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ կեդրոնի բացումը իրականացած է ՀՀ նախագահի ՝՝Մարզերի համաչափ զարգացման ծրագրի՝՝ համաձայն։ ՝՝Կեդրոնը ամբողջովին վերազինուած է նորագոյն բժշկական արհեստագիտութեամբ։ Սիւնիքի տարածաշրջանին համար ան ունի մեծ նշանակութիւն։ 2011-12 թուականներուն հանրապետութեան մէջ պիտի կառուցուին եւ վերանորոգուին բազմաթիւ բժշկական կեդրոններ՝մարդոց առողջութիւնը բարելաւելու նպատակով (ըսած է նախարարը)։ Կեդրոնը կառուցուած է Համաշխարհային Դրամատան ՝՝Առողջապահական Համակարգի Արդիականացում՝՝ վարկային ծրագրի ծիրէն ներս։ Ան ստեղծուած է Գորիսի Ռ. Եոլեանի անուան հիւանդանոցի եւ քաղաքի Ս. Ամիրեանի անուան բազմաբուժարանի միաձուլման արդիւնքով։

Հայաստանի Մէջ Անգամ Մը Եւս Բեմադրուած Վերտիի ՝՝Այտա ՝՝ Օփերան։

Հայաստանի նախագահի բարձր հովանաւորութեամբ, Հայաստանի մօտ Իտալիոյ Դեսպանատան աջակցութեամբ, Մշակոյթի Նախարարութեան ու ՝՝Վիվասել՝՝ ընկերութեան գլխաւոր հովանաւորութեամբ, Հայաստանի մէջ անգամ մը եւս բեմադրուեցաւ համաշխարհային օփերայի արուեստի գլուխ -գործոցներէն՝ իտալացի մեծ երաժիշտ Ճուզեփփէ Վերտիի ՝՝Այտա՝՝ օփերան։ Այս ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ բեմադրուած է 1871ին, Գահիրէի մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ 1941ին, Երեւանի օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.