2010-12-29 12:53:54

30 դեկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ընդունի ''երախայ երգիչները''


Դեկտեմբեր 28-էն մինչեւ մէկ յունուար, երախայ երգիչներու դաշնակցութիւնը իրենց տարեկան ժողովը կը գումարեն Հռոմ։ Այդ ժողովին կը մասնակցին զանազան երկիրներէն եկած՝ աւելի քան 3.000 երախաներ, որոնք կը ներկայացնեն աւելի քան հարիւր երգչախումբեր։ Նորին Սրբութիւնը զանոնք պիտի ընդունի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։ Իսկ մէկ յունուարին, Մարիամ Աստուածամօր տօնին եւ խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ ''երախայ երգիչները''` Սրբազան Քահանայապետին Ս. Պետրոսի մէջ մատուցելիք պատարագին երգեցողութիւնը պիտի կատարեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.