2010-12-29 12:54:33

2010-Ն հիմնականին մէջ առանձնացաւ քաղաքական առողջ բանավէճով յայտարարեց նախգահ Սարգսեան


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով նախագահական նստավայրին մէջ կազմակերպուած՝ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն ընդունելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ 2011 թուականը պիտի ըլլայ համագործակցութեան, վերընթաց զարգացման եւ յառաջընթացի տարի։
«Ընդհանուր առումով, անցնող տարին բաւական արդիւնաւէտ էր ձեր աշխատանքին տեսանկիւնէն։ Տարին նաեւ առանձնացաւ հիմնականին մէջ առողջ քաղաքական բանավէճով եւ շատ յաճախ այդ բանավէճին աշխուժ մասնակիցները մեր լրատուամիջոցներն էին։
«Մեզի համար անհրաժեշտ է ձեր ազնիւ եւ անաչառ աշխատանքը, որպէսզի Հայաստանի հասարակութիւնը, ամբողջ պետական համակարգը, տարբեր կառոյցները եւ գործիչները յաջողին լրատուութեան հայելիին մէջ տեսնել իրենց իսկական պատկերը։ Շատ կարեւոր է, որ այդ հայելին ծուռ չըլլայ, իսկ ներկայացուած պատկերը՝ աղճատուած», շեշտեց Սարգսեան։
«Ներկայ Հայաստանի իրականութեան ամբողջական եւ առարկայական պատկերը նաեւ մեր երկրին ժամանակագրութիւնն է։ Այս առումով ձեր առարկայականութիւնը սուղ է ոչ միայն ներկայի, այլեւ ապագային տեսանկիւնէն»,եզրափակեց ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.