2010-12-28 11:13:32

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Բարձ Ճեզիրէի Մէջ-Սուրիա։
Սարկաւագ Ֆատի- Մատթէոս Մաթոսեան Կուսակրօն Քահանայ Ձեռնադրուեցաւ։


Շաբաթ 18 Դեկտեմբեր 2010-ին՝ Ս. Յակովբ Մծբնայ հայրապետին եւ Մարուգէի ճգնաւորին Տօնին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հասաքէի Սուրբ Ընտանեաց Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Քահանայական Ձեռնադրութիւնը՝ Սարկաւագ Ֆատի-Մատթէոս Մաթոսեանի՝ Թեմական Բարձր Ճեզիրէի, ձեռամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին Առաջնորդը՝ Բերիոյ Թեմին Կաթողիկէ Հայոց եւ Առաքելական Կառավարիչը Բարձ Ճեզիրէի Թեմին.
Սրբազան արարողութեան դասին մէջ ներկայ էին' հայ կաթողիկէ եւ քոյր եկեղեցւոյ վարդապետները, Հայ եւ Ասորի Միաբանութիւններէն Քոյրեր, ձեռնադրուողին ընտանեկան պարագաները ու բարեկամները եւ հոծ բազմութիւն մը հայ եւ օտար հաւատացեալ ժողովուրդէն.
Ձեռնադրիչ Եպիսկոպոսին առընթերակայներն էին' Հայր Նարեկ Վրդ. Նամոյան, Ժողովրդապետը՝ Գամիշլիի Աթոռանիստ Սուրբ Յովսէփ Եկեղեցւոյ եւ Հայր Գառնիկ Վրդ. Յովսէփեան, Ժողովրդապետը՝ Հասաքէի Սուրբ Ընտանեաց Եկեղեցւոյ.
Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն առաջ, Գերյարգելի Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեանը, Ընդհանուր Կառավարիչ Բարձ Ճեզիրէի Կաթողիկէ Հայոց Թեմին, նորօծ վարդապետին հոգեւոր քաւորը, ներկայացուց Ֆատի-Մատթէոս սարկաւագը ձեռնադրիչ Սրբազանին խնդրելով Սուրբ Քահանայութեան կարգը. Ապա Ֆատի-Մատթէոս սարկաւագը ծնրադիր եկեղեցւոյ դասին մէջ, երեսը դէպի ժողովուրդ, ձեռքերը ի վեր, շրջապատուած քայանայից դասէն, երիսց անգամ քահանայից դասը բարձր բարբառով կրկնեցին' «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ..., կոչելով զՄատթէոս սարկաւագութենէ ի քահանայութիւն» ու ապա ժողովուրդը պատասխանեց «Արժանի է».
Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն ետք, ձեռնադրիչ Սրբազանը աւուր պատշաճի քարոզը արտասանեց իր խօսքը ուղղելով Տէր Մատթէոս սարկաւագին ըսաւ. « Սիրեցեալ զաւակ իմ, այսօր Հայոց Կաթողիկէ Եկեղեցին կը տօնէ Յակովբայ Մծբնայ հայրապետին յիշատակը որուն քեզ կը յանձնեմ իր պաշտպանութեան ներքեւ խնդրելով իրմէ որ քեզ հաստատ պահէ քու քահանայական կոչմանդ մէջ:
Ինչպէս Մատթէոս Առաքեալը որուն անունը ստանձնեցիր ու տիպար առիր, հաւատարիմ եղիր ու վեհ պահէ նշանաբանը «Եկայ քու կամքդ կատարելու, ով Տէր եւ ոչ իմ կամքս»: ի խորոց սրտէ, կը շնորհաւորեմ քեզ եւ քու եկեղեցասէր ծնողքդ որ քեզի նեցուկ կանգնեցան ու քաջալերեցին քեզ հասնելու համար այս վսեմ ու վեհագոյն աստիճանին որ է սուրբ քահանայութիւնը: Եւ ինչ մեծ պատիւ է ու սրտի գոհունակութիւն ծնողածդ երբ հաւատացեալները մօրդ տիրամայր կը կոչեն: Ի վերջոյ, կը յանձնեմ քեզ Մարտինի Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանին, որուն քաղաքին դուն ալ կը պատկանիս, որ պահէ ու պաշտպանէ քեզ բոլոր դժուարութիւներէ որոնց պիտի հանդիպիս քու քահանայական կեանքիդ ընթացքին»:
Ապա Գերյարգելի Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեան, կարդաց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Նէրսէս Պետրոս ԺԹ., Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին ՜՜Մաղթանքի Գիրը՝՝, ուղղուելով նորօծ վարդապետին ըսաւ. « Գլխաւոր մտահոգութիւնդ պարտի ըլլալ քրիստոսանման տիպար քահանայի կեանքը ապրիլ, յստակ եւ ուղիղ կերպով մարդոց մեկնաբանել Սուրբ Աւետարանը իր հրապուրիչ լոյսով, անսակարկ նուիրումով եւ եռանդով հաւատացեալները առաջնորդել դէպի Քրիստոս, իբր օրինակ առնելով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ մեր Սուրբ Հայրապետները: Ի մտի պիտի ունենաս Քրիստոսի քաջալերիչ եւ մխիթարական հետեւեալ խօսքերը. «Առէ՛ք իմ լուծս ձեր վրայ եւ սորվեցէ՛ք ինծմէ՝ որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ հանգիստ պիտի գտնէք ձեր հոգիներուն: Որովհետեւ իմ լուծս քաղցր է եւ բեռս՝ թեթեւ»(Մտթ. 11,29-30):
Սուրբ պատարագէն ետք, կղերը եւ նորօծ վարդապետին պարագաներն ու բարեկամները ուղղուեցան ժողովրդապետութեան դահլիճը ուր տեղի ունեցան շնորհաւորութիւնները.
Ապա սրբազան կղերը ու նորօծ վարդապետին պարագաները եւ բարեկամները ուղղուեցան դէպի ՜՜Մուն-Լանտ՝՝ ճաշարանը, ու տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղանը այս ուրախալի եւ անմոռանալի աոիթով.
Կիրակի 19 Դեկտեմբեր 2010, Ե. Կիրակի Յիսնակաց, առաւօտեան ժամը 9-ին, Հասաքէի Սուրբ Ընտանեաց եկեղեցւոյ, նորօծ վարդապետը մատոյց իր անդրանիկ սուրբ պատարագը եւ իր արտասանած քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ որ զինք կոչեց քահանայութեան եւ բոլոր անոնց որոնք օգնեցին հասնելու համար այս վսեմ շնորհքին։
Ան ըսաւ:« Նախ եւ առաջ փառք ու պատիւ Աստուծոյ-Հօր, որ զիս արժանացուց այս վսեմ ու սրբազան քահանայական աստիճանին, խորին ու անկեղծ շնորհակալութիւներս՝ Զմմառու Միաբանութեան Վանքի Մեծաւորին՝ Հ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանին եւ իր ներկայի եւ անցեալի վարչական վարդապետական յանձնախումբին, ի խորոց սրտէ որդիական շնորհակալութիւներս կը յայտնեմ Գերյարգելի Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեանին, որ սիրով ու հայրական գուրգուրանքով զիս ընդգրկեց այս պատմական ու մարտիրոսական թեմին մէջ, եւ առաջին օրէ իսկ ինծի ըսաւ- այս թեմը քու տունդ է- նաեւ իմ շնորհակալութիւներս սոյն եկեղեցւոյ ժողովրդապետին՝ Հայր Գառնիկ Վրդ. Յովսէփեանին, որ այս մէկ տարուայ կազմաւորմանս շրջանին եղաւ ինծի համար ուղեցոյցը եւ մեծ եղբայրը եւ ո՛չ մեծաւորը: Ի վերջոյ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ծնողքիս, եղբայրներուս, որոնք իրենց ծնողական քաջալերանքով խթանեցին եւ բոլոր անոնք որոնք նեցուկ կանգնեցան իմ ձեռնադրութեանս ժամանակ»:
Ի դէպ՝ Նորօծ վարդապետին սրբազան պատկերին վրայ, որ բաժնուեցաւ բոլոր հաւատացեալներուն' հետեւեալ նշանաբանը գրուած էր- «Եկայ քու Կամքդ կատարելու» (Եբր. 10: 9).

Նորօծ վարդապետ Հ. Մատթէոս Մաթոսեան, ծնած է 13 Մայիս 1982-ին, Հասաքէ-Սուրիա: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած ծխական Միացեալ-Հայկազեան վարժարանին մէջ, միջնակարգը՝ պետական Ապի Դամմամ վարժարանը, իսկ երկրորդականը' պետական արհեստից վարժարանը:
2000-ին կ'ընդունուի Զմմառու Միաբանութեան Ինգնատիոս Մալոյեանի Դպրեվանքը, ուր կը յաճախէ Պօղօսեան հայրերու համալսարանը հետեւելով Աստուածաբանական եւ իմաստասիրական դասընթացքներուն:
Իր բարձրագոյն ուսումները կատարելէ ետք,15 Օգոստոս 2008-ին, Տիրամայր Զմմառու Մայրավանքին մէջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Նէրսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը զինք կիսասարկաւագ կը ձեռնադրէ:
24 Սեպտեմբեր 2010-ին, Հասաքէի Սուրբ Ընտանեաց Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին սարկաւագ կը ձեռնադրուի:
եւ 18 Դեկտեմբեր 2010-ին Հասաքէի Սուրբ Ընտանեաց Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ, թեմական ըլլալով Բարձ Ճեզիրէի Կղերին:
Ռատիովատիկանի Հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ Հայր Մատթէոս վրդ. Մաթոսեանը մաղթելով անոր բեղուն առաքելութիւն Տիրոջ այգիին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.