2010-12-28 12:51:56

Երկուշաբթի 27 դեկտեմբեր, տօնն է Ս. Յովհաննէս աւետարանիչի։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յիշեցուց թէ Եկեղեցին միշտ հալածանք կը կրէ սակայն Աստուած իր կարգին մխիթարութիւն կը շնորհէ։


Արդարեւ` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Եկեղեցին բոլոր ժամանակներու ընթացքին հալածանք կրած է սակայն Աստուծոյ մխիթարութիւնը անպակաս եղած է։ Ս. Յովհաննէս աւետարանիչը, Աստուծոյ սիրոյն աստուածաբանը, Յիսուսէն նախընտրուած էր, ըսաւ Սրբազան հայրը, ան եղաւ միակ առաքեալը որ Յիսուսի ետեւէն քալեց մինչեւ խաչելութիւն։
Նշենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Յիսուսի այս սիրեցեալ աշակերտին 2006ի ամառը յատկացուցած էր երեք ունկնդրութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.