2010-12-28 11:09:55

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հինգշաբթի, 23 դեկտեմբերին ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը անդրադարձան Լիբանանի եւ Հայաստան - սփիւռք յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերուն, ուր նաեւ դեսպանը շեշտը դրաւ Լիբանան - Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն սերտացման անհրաժեշտութեան վրայ:
Կէս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, հոգեւոր տէրը կարեւորութեամբ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերը միջազգային ամպիոններէն արծարծելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ գծով տարուած աշխատանքներուն առաւել աշխուժացումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.