2010-12-27 13:11:24

Սփիւռքի թիւ մէկ խնդիրը խառն ամուսնութիւններու թիւի յաւելումն է (կ՝ընդգծէ Նախարար Հրանուշ Յակոբեան)։


Տարեվերջի առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ամփոփելով նախարարութեան գործունէութիւնը ըսաւոր 2010 թուականը դարձաւ ՝՝հաստատման, Սփիւռքի հիմնախընդիրների վերհանման եւ վստահութեան աւելացման տարի՝՝։ Ըստ իր խօսքերուն՝ 2010տարուայ ընթացքին ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Հայաստանէն դուրս կազմակերպուած են Սփիւռք - Հայաստան մերձեցման դիտաւորութեամբ ազմաթիւ գիտակրթական, մշակութային, երիտասարդական միջոցառումներ, համաժողովներ, քննարկումներ։
Իրականացան եւ կը շարունակեն իրականանալ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման, սփիւռքահայ համայնքները հայալեզու դասարքերով ապահովելու ծրագրերը։ Սփիւռքի հիմնախնդիրներէն Յակոբեան առանձնացուց խառն ամուսնութիւններու թիւի յաւելումը՝ ընդգծելով որ թէեւ համաշխարհայնականացման պայմաններուն մէջ ոեւէ մէկը կարելիութիւնը չունի միջամտելու մարդոց անձնական կեանքին մէջ, սակայն ջանքեր կը տարուին ընտանիքներուն մէջ հայ ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Երկրորդ հիմնախնդիրը Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման խնդիրն է։ Երրորդը՝ տեղեկատուական անվըտանգութեան ապահովումը։ Սփիւռքի նախարարը տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը հռչակած է համազգային կարեւորութեան 5 հիմնական սկզբունքները, որոնք են՝ Պետութեան զարգացման նպաստումը, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, Սփիւռքի օտարացման դէմ պայքարը եւ Հայոց Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.