2010-12-26 09:24:28

Տօն Ծննդեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի
(Ղուկաս 2, 1-7)


Այդ օրերը Օգոստոս կայսրէն հրամանագիր ելաւ, որ ամբողջ երկրագունդը արձանագրուի:
(Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ` երբ Կիւրենոս Սուրիայի վրայ կառավարիչ էր:)
Բոլորը կ'երթային արձանագրուելու, իւրաքանչիւրը` իր քաղաքին մէջ:
Յովսէփ ալ` Գալիլեայէն, Նազարէթ քաղաքէն, բարձրացաւ դէպի Հրէաստան` Դաւիթի քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, (քանի ինք Դաւիթի տունէն եւ գերդաստանէն էր,)
արձանագրուելու Մարիամի հետ, որ իր նշանածն էր ու յղի էր:
Երբ անոնք հոն էին` անոր ծնանելու օրերը լրացան.
եւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ, խանձարուրով փաթթեց զայն ու մսուրին մէջ պառկեցուց, որովհետեւ իջեւանին մէջ տեղ չկար իրենց:








All the contents on this site are copyrighted ©.