2010-12-24 11:22:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ծննդեան Պատգամը Պիտի Ուղղէ ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ Ձայնասխիւռէն։


24 դեկտեմբերին, Յիսուսի Ս. Ծննդեան ճրագալոյցին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անգլերէն լեզուով Ծննդեան պատգամ մը ուղղեց ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ ձայնասփիւռի ալիքներէն։
Ասիկա առաջին անգամն է որ ՊԻՊԻՍԻ անգլիական Ռատիոկայանը Սրբազան Հօր պատգամը կը ձայնասփռէ։
<<Օրուան մտածումը>> անուան տակ ՊԻՊԻՍԻ-ն 1970էն ի վեր առիթ կու տայ մեծ անձնաւորութիւններուն, որ կրօնի ալ պատկանին, որ երեք վայրկեան տեւող խորհրդածութիւն մը ուղղեն ունկնդիրներուն։
ՊԻՊԻՍԻ-ի տնօրէնը ` Մարգ Թոմսոն, այս տարի, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն խնդրեց որ իր պատգամը ուղղէ անգլիացիներուն։
Նշենք թէ անցեալ սեպտեմբերին Նորին Սրբութիւնը առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց Էքոսիա եւ Անգլիա եւ անոր այցելութիւնը մեծ արձագանք գտաւ հաղորդակցութեան միջոցներու մօտ։
Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. <<Գորովով կը յիշեմ չորս օրուայ այցելութիւնս Մեծն Պրիտանիա, ուրախ եմ այս գեղեցիկ առիթին համար որ ինծի տրուեցաւ ձեզ ողջունելու եւ բարեմաղթութիւններս յայտնելու Յիսուսի Ծննդեան տօնին առթիւ։
Բեթղեհէթմ ծնած Մանուկը ազատագրում բերաւ մարդկութեան։
Մինչ կը մտաբերենք այս մեծ խորհուրդը՝ Յիսուսի Ծննդեան Խորհուրդը, գոհութիւն մատուցանենք Տիրոջ իր անհուն բարութեան համար եւ ուրախութեամբ տանք ՜՜Աւետիսը՝՝ բոլոր անոնց որոնք մեր հետ կ'ապրին. ՜՜ Աստուած մեզի կը պարգեւէ ազատագրում, կու տայ յոյս ու կը բերէ կեանք։
Սիրելիներ, կ'ուզեմ ձեզի երաշխաւորել իմ աղօթքս։ Կ'աղօթեմ ձեր ընտանիքներուն, ձեր զաւակներուն, հիւանդներուն ու վշտահարներուն համար։ Կը խնդրեմ Քրիստոսէն` ազգերու լոյսը, որ ձեզմէ հեռացնէ ամէն խաւար ու տայ ձեզի պարգեւը խաղաղութեան եւ ուրախութեան։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. թող Տէրը ձեզ ամէնքդ օրհնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.