2010-12-24 11:34:34

ՆԵՐՍէՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ


Ս. Ծննդեան աստուածապարգեւ առիթով, ձեզի կը փոխանցենք ցնծութեան եւ ուրախութեան Հայրապետական պատգամը սիրեցեալ Առաջնորդներ, պատուարժան հովիւներ, սարկաւագներ, կուսաններ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։
Ս. Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք հրեշտակին խօսքը Բեթղեհէմի հովիւներուն.
«Ահա ձեզի կ՚աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդինը պիտի ըլլայ։
Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ, ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2,10-11)։
ի՞նչ է այս ուրախութիւնը որ Աստուծոյ հրեշտակը կ՚աւետէ։ Արդե՞օք հովիւներուն համար էր միայն այս աւետիսը թէ նաեւ մեզի։ Եւ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այս ուրախութիւնը, քանի մենք ահագին դժուարութիւններ ունինք եւ կարող չենք բոլորին լուծում բերելու։
Ուրախութեան պատճառը, կ՚ըսէ հրեշտակը, այս է՝ «Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի»։ Այս Փրկիչը Յիսուսն է, որ եկած է մեզ փրկելու եւ նոր մարդկութիւն մը հաստատելու, ուր մարդիկ իրարու հետ սիրով ապրին իբր եղբայրներ եւ քոյրեր եւ պատկանին մեծ ընտանիքի մը, որ կը կոչուի Եկեղեցի։ Ոչ թէ քարէ կառուցուած եկեղեցին, այլ հաւատացեալներու հասարակութիւն մը, որ նոյն հաւատքը կը դաւանին եւ որուն անդամները իրար զիրար անկեղծօրէն կը սիրեն, իրարու բեռը կը շալկեն եւ ուրիշներէն կրած յանցանքները ներելու կարողութիւն ունին։
Գիտէք որ ուր սէր կայ, աւելի դիւրին է տանիլ դժուարութիւնները եւ ցաւերը։ Իսկ ուր սէր չկայ, ցաւը անտանելի կը դառնայ եւ յուսահատութեան կը տանի, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ անձնասպանութեան։ Եւ ուր հաւատք կայ՝ ցաւերը նոր իմաստ կ՚առնեն, եւ օգտակար կ՚ըլլան թէ մեզի եւ թէ ուրիշներուն՝ Յիսուսին չարչարանքներուն մասնակից դառնալով, ինչպէս նաեւ արժէք կ՚առնեն մեր յաւիտենականութեան համար։
Վերջերս կարդացինք խեղճուկրակ դշուառականի մը մասին, որ մարդ չունէր եւ փողոցները կը պառկէր։ Մայր Թերեզայի մայրապետներէն մին զինք կ՚առնէ եւ կը խնամէ։ Այդ մարդը, օր մը, ծանր հիւանդացած՝ մահամերձ էր եւ մայրապետին ըսաւ. «Քոյ՛ր, ես փողոցներուն մէջ ապրեցայ անասունի պէս, հիմա պիտի մեռնիմ հրեշտակի պէս, որովհետեւ դուք՝ մայրապետներդ ինծի սէր եւ գուրգուրանք ցոյց տուիք, եւ քահանային դառնալով ըսաւ. Վարդապե՛տ, ես Աստուծոյ տունը կ՚երթամ» եւ աչքերը փակեց։ Ի՜նչ յուզիչ տեսարան՝ արդիւնք անկեղծ եւ անշահախնդիր սիրոյ։
Եթէ Յիսուսին շնորհիւ այս տեսակ սիրոյ կարենանք հասնիլ, արդէն իսկ Ծննդեան պատգամը մեծ պարգեւ մը մեզի շնորհած կ՚ըլլայ։ Արդարեւ, Յիսուս եկաւ աշխարհ հիմնելու եւ պահելու համար սիրոյ հասարակութիւն մը, որ իր կենդանի ներկայութիւնը ըլլայ մարդոց մէջ, եւ որուն կեդրոնը ինքը՝ Յիսուս պիտի բնակի իրեն հաւատացողներուն հետ՝ անոնք բարեկեցիկ ըլլան թէ աղքատ, զարգացած թէ ոչինչ ուսում առած մարդերը եւ կիներ, դպրոցականներ, պաշտօնեաներ, տարիքոտներ եւ պզտիկներ, երիտասարդ երիտասարդուհիներ, որոնք բոլորը միասին պիտի կազմեն սիրոյ վրայ հիմնուած եւ միացած ուրոյն ընտանիք մը, ուր չկայ մէկը մոռցուած կամ առանձնացած եւ կամ յուսալքուած, այլ՝ բոլորն ալ իրարու հետ քոյր եղբայր պիտի ըլլան, իբրեւ Յիսուսի անդամներ, ուրախ եւ գործունեայ հասարակութիւն մը կազմելով։
Ոմանք կը կարծեն թէ այս տեսակ ծրագիրը վարդապետներուն եւ մայրապետներուն միայն կրնայ համարիլ։ Այս գաղափարը սփալ է, քանի որ Յիսուսին ժամանակ չկային ոչ վարդապետներ եւ ոչ մայրապետներ, այլ Յիսուսի քարոզներուն մտիկ ընողները, որոնք սովորական մարդ եւ կին էին։ Ասոր համար, Յիսուսի ծրագրին մէջ, նման ընտանիք մը կազմել՝ բոլորին եւ ամէն մէկ հաւատացեալին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ։ Ուստի, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, իր կարողութեան չափով, կոչուած է բերելու իր մասնակցութիւնը վերոյիշեալ հասարակութեան բարիքին եւ ծաղկումին համար, ուր ո՛չ մէկը ձեռնպահ կամ անտարբեր կը մնայ, ճիշդ ինչպէս ընտանիքի մը մէջ, իւրաքանչիւրը կը կատարէ ինչ որ ձեռքէն կու գայ եւ իրմէ ասկէ աւելի բան մը չի պահանջուիր։ Ան որ չուզեր օգտակար ըլլալ՝ կա՛մ անձնասէր է, կա՛մ ծոյլ է, եւ գիտէք որ ասոնք երջանիկ չեն ըլլար, եւ կամ ալ չի գիտեր ինչպէս օգտակար ըլլալ եւ կը կարօտի մէկու մը, որ իրեն ճամբան ցուցնէ։
Նման հասարակութեան մը մէջ, Յիսուս կը բնակի եւ Ինքն է որ յառաջ կը տանի ծրագիրները։ Բայց, Յիսուս չուզէր, առանց մեր իւրաքանչիւրիս մասնակցութեան, այս ծրագիրները իրագործել։ Ասոր համար, մեզմէ ամէն մէկը պատրաստ պէտք է ըլլայ աշխատելու, որպէսզի այս ընտանիքը, որ է կենդանի Եկեղեցին աշխարհին վրայ, ընդարձակուի եւ գեղեցիկ դառնայ, ուր ամէն մարդ զգայ որ սիրուած է եւ իր մասին հոգացող կայ, ճիշդ այս փողոցին մէջ լքուած, յետոյ գուրգուրանքի առարկայ դարձած, յուսալքուած մարդու նման։ Ի՜նչ ուրախութիւն է եւ ի՜նչ վստահութիւն նման հասարակութեան մը անդամ ըլլալը։ Կը ճանչնանք նման հասարակութիւններ։
Այսպիսի կեանք մը, նախապատրաստութիւնը կրնայ համարուիլ երանելի յաւիտենական կեանքին։ Օրուան ընթերցուածը կը յիշեցնէ մեզի այս կէտը, երբ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ շնորհքը ... մեզի կը սորվեցնէ ... ապրիլ այս աշխարհի վրայ զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ, սպասելով երանելի յոյսին եւ փառքին Յայտնութեան, ... որ փրկէ մեզ անօրէնութենէն եւ սրբացնէ սեփական ժողովուրդ մը նախանձախնդիր բարի գործերուն մէջ» (Տիտ 2,12-14)։ Յստակ է Առաքեալին խօսքը, որ է՝ Յիսուս աշխարհ գալով նոր ժողովուրդ մը կազմեց, որ միւս ժողովուրդներուն պիտի չնմանի, այլ Յիսուսի յատուկ ժողովուրդը պիտի ըլլայ, նախանձախնդիր բարի գործեր կատարելու, որ այնպէս պիտի ապրին՝ աստուածպաշտութեամբ եւ արդարութեամբ, եւ պիտի սպասեն Յիսուսի երկրորդ Յայտնութեան, որ փառքին մէջ պիտի ըլլայ, եւ որուն մեզմէ ամէն մէկը կոչուած է անոր մաս կազմելու։ Ուստի, այսօր մինչ կը յիշատակենք Յիսուսին ուրախալի ծնունդը, իր առաջին համեստ գալուստը աշխարհ, կը յիշատակենք նաեւ Անոր երկրորդ մեծ գալուստը փառքին մէջ, երբ պիտի գայ դատելու համար ողջերը եւ մեռելները։ Ս. Պօղոսը մեզմէ կը խնդրէ որ ապրինք սպասելով այդ երանելի օրուան։
Սիրելիներ, մեր միտքը եւ մեր սիրտը ուղղենք դէպի այդ փառքի օրուան եւ ընթանանք ուրախութեամբ եւ վստահութեամբ վառուած լապտերներով, այսինքն բարի գործեր կատարելով, եւ ընդառաջենք Տիրոջ մեծ հանդիպումին, իմաստուն կոյսերուն նման։ Այս ըմբռնումով, մեր կեանքը վեհ իմաստ կ՚առնէ , մեր գործերը աւելի լաւ կը նպատակաուղղուին եւ մեզմէ ամէն մէկը կարեւոր եւ անհրաժեշտ անձ կը դառնայ տեղւոյն ժողովուրդի կեանքի բարելաւումին համար, ճիշդ ինչպէս հոգին անհրաժեշտ է մարմնին համար։
Այս իմաստով, մենք պարտականութիւն ունինք մեր շուրջը սփռելու այս ուրախութեան աւետիսը, որ կը յիշատակենք Յիսուսին ծննդեան առիթով, որպէսզի շատեր ուրախացնենք եւ անոնց վստահութիւն ներշնչենք։
Այսօր աշխարհը պէտք ունի այնպիսի քրիստոնեաներու, որ քաջաբար իրենց համոզումները հռչակեն մարդոց առջեւ, եւ նեղութիւններուն մէջ անգամ հաւատարիմ մնան Քրիստոսի պատուէրներուն, որպէսզի յոյս ներշնչեն բոլորին, մանաւանդ հաւատքով տկարներուն։
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Ծննդեան խորհուրդով լուսաւորուած, լուսաւորենք մեր փոքր, նաեւ մեր մեծ շրջանակը՝ Լիբանան, անոր ցոյց տալով խաղաղ նպատակներ եւ շինիչ ուղղութիւններ։ Մեր ըրածներուն մէջ օրինակ առնենք մեր նախնիքներէն, որոնք, հաւատարմաբար եւ ի գին մեծ զոհողութիւններու, մեզի փոխանցեցին Ծննդեան աւետիսին լոյսը, յոյսը եւ խաղաղութիւնը։
Յատուկ յիշատակ մը՝ Իրագի 31 Հոկտեմբերի նահատակներուն համար ու անոնց հարազատներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի վրայ բացայայտ կամ քօղարկուած ձեւով հալածանքներուն ենթարկուած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որպէսզի տոկան եւ հաւատարիմ մնան Յիսուսին եւ Ս. Աւետարանին։
Այս սրբազան առիթով, մարդացեալ Յիսուսէն կը խնդրենք նաեւ բարքաւաճութիւն եւ խաղաղութիւն Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մեր ժողովուրդին համար, եւ ի մասնաւորի համայն Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն՝ Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ Օրհնեալ է յայտնութիւն Քրիստոսի








All the contents on this site are copyrighted ©.