2010-12-23 13:56:46

Տ.Սարգսեան-Վլատիմիր Փութին Տեսակցութիւնը։


Ս. Փեթերսպուրկի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Երկու վարչապետներու հանդիպումին, որուն ներկայ էին նաեւ երկու երկիրներուն պատուիրակութիւնները, քննարկուեցան երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան առնչուող տարբեր հարցեր: Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Վլատիմիր Փութին ողջունեց հայկական կողմի` երկկողմանի համագործակցութիւնը ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը` անդրադառնալով մասնաւորաբար Հայաստանի տարածքին մէջ զինուորական խարիսխներու տեղակայման: Խօսելով երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն մասին` Ռուսիոյ վարչապետը նշեց, որ Ռուսիոյ ներդրումները Հայաստանի մէջ կը կազմեն 3 միլիառ տոլար: Ներկայիս ընդհանուր առմամբ Հայաստանի մէջ կը գործեն ռուսական դրամագլուխով աւելի քան հազար ընկերութիւններ: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Երեւան ։







All the contents on this site are copyrighted ©.