2010-12-23 13:45:31

Սրբազան Քահանայապետին Ծննդեան Պատգամը Ուղղուած Անգլիացիներուն։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեան համաձայն, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը` անգլերէն լեզուով` Սուրբ Ծննդեան խորհրդածութեան պատգամ մը արձանագրած է։
Սոյն խորհրդածութիւնը պիտի ձայնասփռուի սուրբ Ծննդեան ճրագալոյսին, անգլիական BBC ռատիոկայանէն 3 վարկեան տեւողութեամբ` ժողովրդային համակրանքը վայելող հաղորդաշարի մը ընթացքին։՜՜ BBC՝՝ ձայնասփիւռի պատասխանատուները նշած են թէ՝ ասիկա աննախընթաց իրողութիւն մըն է, քանի որ առաջին անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետը ուղղակիօրէն պատգամ մը կ՛ուղղէ անգլիացի ժողովուրդին։ Հայր Լոմպարտի նշեց նաեւ թէ ՜՜BBC Ռատիոյին հետ այս համաձայնութիւնը սկիզբ առած էր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին անցեալ սեպտեմբերին Անգլիա կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.