2010-12-23 13:44:39

 Ծննդեան Տօներու Ծիսական Արարողութիւնները Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գլխաւորութեամբ։


24 Դեկտեմբեր Ուրբաթ, Ճրագալոյց Ծննդեան երեկոյան ժամը 22.00ին Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ.րորդ Սրբազան Քահանայապետը պիտի մատուցէ կէս գիշերուայ Սուրբ Պատարագը։
25 Դեկտեմբեր Շաբաթ, Օր Ծննդեան Յիսուսի ,կէսօրին (ժամը 12-ին)Սուրբ Պետրոսի Կեդրոնական Պատշգամէն Սրբազան Հայրը Սուրբ Ծնունդի իր պատգամը պիտի ուղղէ համայն աշխարհին,եւ յաւարտ պատգամին պիտի տայ իր Առաքելական Օրհնութիւնը ՝՝Urbi et Orbi՝՝ որ կը նշանակէ ՝՝Օրհնութիւն քաղաքին այսինքն Հռոմ քաղաք­ին եւ Օրհնութիւն համայն աշխարհին՝՝։
31 Դեկտեմբեր Ուրբաթ,2010 տարուայ վերջին օրը,յետ միջօրէին ժամը 18.00ին Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Աստուածամօր Տօնի Երեկոյան Ժամերգութիւնը որու պիտի յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան ցուցադրութիւնը եւ Թէ Տէում (Փառք ի Բարձունս) Գոհաբանական Տաղերգը։







All the contents on this site are copyrighted ©.