2010-12-22 13:21:07

Ծննդեան Պատարագ Ռատիովատիկանի Անձնակազմին Համար, Որուն Յաջռրդեց Եղբայրական Սիրոյ Սեղան։


Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, 21 դեկտեմբերին Վատիկանի Ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը կազմակերպած էր սուրբ ծննդեան առթիւ պատարագ, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը առիթ տալով որ պաշտօնեաները իրարու փոխանակեն Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւնները։
Ռատիովատիկանի մատրան մէջ համապատարագը գլխաւորեց Պիելոռուս յայտագրի պատասխանատուն՝ հայր Ալիքսանտեր Ամիալքենիան։
Ան իր քարոզին մէջ ի յայտ դրաւ Ռատիովատիկանի բազմազգային հասարակութեան մարդկային ու հոգեւոր արժէքն ու հարստութիւնը։
Սիրեցեալ աշխատակիցներ, ըսաւ ան, մենք՝ մէկը միւսէն տարբեր ենք, ազգով, լեզուով ու մշակոյթով, ինչպէս նաեւ տարիքով ու նկարագրով, սակայն մենք ամէնքս հոս համախմբուած ենք, մէկ նպատակի մը համար, կը խնդրենք Աստուծմէ, որ ներկայ է ու կեդրոնն է մեր գործունէութեան, որ այդ զանազանութիւնները դարձնէ միութեան հզօր ոյժ մը ռատիովատիկանի մէջ։
Պատարագին ընթացքին զամազան լեզուներով աղօթքի դիտաւորութիւններներ կարդացուեցան որոնց շարքին նաեւ հայերէն լեզւով հետեւեալ պաղատանքը` <<Պատերազմի ու անարդարութեան զոհ բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք կը կրեն անօթութիւն, թշուառութիւն եւ հիւանդութիւն եւ յատկապէս անչափահասները։ Ասոնց բոլորին համար, Տէր, ըրէ որ Ծնունդը ըլլայ աւերտիսը ճշմարիտ յոյսի։
Պատարագի աւարտին Տեղի ունեցան ծննդեան բարեմաղթութիւններ զանազան մասնաճիւղերու կողմէ։
Ռատիովատիկանի տնօրէնը՝ յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, ի մէջ այլոց ըսաւ թէ եզրափակուող 2010 տարին, եկեղեցւոյ համար, ինչպէս նաեւ աշխարհի համար եղաւ դժուար ու տագնապալից տարի մը, մենք Տիրոջմէն կը խնդրենք որ հաստատ պահէ մեր քայլերը, որպէսզի կարենանք քաջաբար յոյսի պատգամը ուղղել աշխարհին որուն կարիքը մեծապէս կը զգացուի։ Ապա տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու փոխանակում ու սիրոյ սեղան։








All the contents on this site are copyrighted ©.