2010-12-21 14:24:42

Նախագահ Սարգսեան Կը Տեսակցի Եւրոպական Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարսեան երէկ աշխատանքային ճաշ մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ։ Նախագահ Սարգսեան եւ Եւրոպական Միութեան դեսպանները միտքեր փոխանակեցին ՝՝Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն՝՝ յարաբերութիւններուն եւ համաԳործակցութեան զարգացման, Եւրոպական Միութեան ընկերակցական համաձայնագիրին բանակցութիւններուն առնչուող հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ ամփոփեցին անցնող տարուան արդիւնքները եւ խօսեցան հետագայ ծրագիրներու մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.