2010-12-21 14:58:35

Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Հարցով Թուրքիա Կը Սպառնայ Աշխարհին։


՝՝Տիքթաթհապեր՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան մարզային բաժանմունքի ներկայացուցիչներու առջեւ հաստատած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ, որմէ խնդրած է ամէն ինչ ընել, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թիւ 252 բանաձեւի վերաբերեալ քուէարկութիւնը կանխարգիլուի։
՝՝Ես բացէ ի բաց ըսի, որ հայկական բանաձեւի՝ օրակարգին վրայ ներառումը մեծ վնաս պիտի հասցնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն։ Տիկին Քլինթըն նշեց, որ իր բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ, որպէսզի կանխարգիլէ նման զարգացում մը՝՝ ըսած է Տաւութօղլու։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ բանաձեւի որդեգրման պարագային ամբողջ աշխարհը պիտի տեսնէ Թուրքիոյ արձագանգը, ՝՝սակայն ես յոյս ունիմ, որ նման բան պիտի չպատահի՝՝ (ըսած է Տավութօղլու)։







All the contents on this site are copyrighted ©.