25
Մինչ մարդիկ կը քնանային` իր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց: 26 Երբ
խոտը ծաղկեցաւ ու պտուղ բերաւ, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ: 27 Ուստի հողատիրոջ ծառաները
մօտեցան եւ ըսին անոր. “Տէ՛ր, դուն լաւ սերմ չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրեմն որոմը ուրկէ՞
է”: 28 Ան ալ ըսաւ անոնց. “Թշնամի մը ըրած է ասիկա”: Ծառաները ըսին իրեն. “Ուստի կ'ուզե՞ս
որ երթանք ու քաղենք զանոնք”: 29 Իսկ ան ըսաւ. “Ո՛չ, որպէսզի երբ որոմը քաղէք` ցորենն
ալ չփրցնէք անոր հետ: 30 Թո՛յլ տուէք որ երկուքն ալ միասին աճին` մինչեւ հունձքի ատենը”:
Եւ հունձքի ատենը պիտի ըսեմ հնձողներուն. “Նախ որո՛մը քաղեցէք ու խուրձ-խուրձ կապեցէ՛ք`
այրելու համար, իսկ ցորենը ժողվեցէ՛ք իմ ամբարս”“: