2010-12-21 14:20:30

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Աւստրալիոյ Դեսպանը .


Երկուշաբթի, 20 դեկտեմբեր -ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վեհարանի պաշտօնական հիւրերու շարքին էր Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ նոր նշանակուած դեսպանը Լեքս Պարթլեմ։ Արամ Ա Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունելով դեսպան Պարթլեմը, անոր ընդհանուր շրջագիծը ներկայացուց՝ Լիբանանի համայնքային կառուցուածքին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան դիրքին ու դերակատարութեան։ Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ առաւելաբար Միջին Արեւելքի կացութեան, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.