2010-12-21 14:04:36

2010-Ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ .


Այս տարի,ինչպէս ծանօթ է ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ հռչակուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ ։ Վեհափառի այս գաղափարը կարելի է սեպել ազնիւ մտայղացում մը, միաժամանակ բարձր գիտակցութեան արտայայտութիւն՝ արժանաւոր կերպով պատուելու, յարգելու, մեծարելու եւ նոր պատասխանատուութեան քաղցր բեռ մը աւելցնելու ՀԱՅ ԿՆՈՋ ազնիւ ու համեստ ուսերուն վրայ։
Մեր նախահայրերը կեանքի համն ու հօտը համարած են կինը, տան շունչ տուողը սեպած են զայն ու մինչեւ իսկ տան կաւէ աղամաններուն տուած են կնոջ ձեւ՝ մէկը ճաշին համ տուող, իսկ միւսը՝ կեանքին ու ընտանիքին։
Հայ կնոջ հոգեկան կապը մեր մշակութային արժէքներուն հետ կարելի է տեսնել նաեւ մեր պատմութեան զանազան շրջաններուն։ Պատմականօրէն հայ կինը ծանօթ է իբրեւ թէ՛ արուեստասէր եւ թէ՛ գիրի ու գրականութեան ջատագով։ 10րդ դարու Խոսրովանուշ Թագուհին, Աշոտ Գ. Ողորմածի կողակիցը, բազում այլ շինարարութեանց կողքին, կառուցել տուած է նաեւ Հաղբատի եւ Սանահինի վանքերը, որոնց համար ծախսած է իր ամբողջ օժիտը։ Խոսրովանուշի հիմնած վանք-համալսարանները դարձած են մտքի եւ գիտութեան կաճառներ: Ահա հայ կնոջ մտայղացումով եւ բոլորանուէր ջանքերով իրագործուած ծրագիրներ՝ դեռ եւս միջնադարուն։
Ուրեմն ինչքա՜ն բան կ՛ակնկալուի 21րդ դարու հայուհիէն, համալսարանաւարտ հայ կնոջմէն, որ հնարաւորութիւնը ունի մեր դարուն ընձեռած քաղաքակրթութեան եւ ճարտարարուեստի բարիքները վայելելու եւ զանոնք գործածելու, կառուցելու համար մշակոյթի անխորտակելի ամրոցներ եւ թիկունք կանգնելու մեր ազգային գոյատեւման ճիգերուն։
Այս բոլորը նկատելու, արժեւորելու եւ ասոնց մասին խորհրդածելու համար այս տարին հռչակուեցաւ Հայ Կնոջ Տարի։ Համեստօրէն հպարտանալով իբրեւ հայ կին, հայ այր մարդոց կողմէ մեզի տրուած յարգանքներուն համար, միաժամանակ արդարօրէն կը գիտակցինք  եւ սիրայօժար կը ստանձնենք մեր ընտանեկան, ազգային եւ հանրային ծանր պարտականութիւնները եւ պատասխանատուութիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.