2010-12-20 16:42:56

Վիէթնամի Եկեղեցւոյ Յոբելինական Տարւոյն Եզրափակում։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց կարտինալ Իվան Տիազը` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին, որպէս իր յատուկ նուիրակը, գլխաւորելու՝ Վիէթնամի եկեղեցւոյ յոբելինական տարւոյն եզրափակման հանդիսութիւնները։ Արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ յունուար 4-6 ՜՜Լա Վանկ՝՝ Մարեմեան սրբավայրին մէջ։
Այս յոբելեանով Վիէթնամի եկեղեցին կը վերակոչէ առաքելական առաջնորդութեան ստեղծման 350-րդ տարեդարձը եւ Վիէթնամի եկեղեցւոյ նուիրապետութեան 50-րդ տարեդարձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.