2010-12-20 13:14:45

Կարէն Կարապետեան Երեւանի Նոր Քաղաքապետը


Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ, Դեկտեմբեր 17ին կայացած նոր քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքով քաղաքապետ ընտրուած է աւագանիի միակ թեկնածուն՝ «Հանրապետական» խմբակցութեան առաջադրած անդամը՝ Կարէն Կարապետեանը:
Դեկտեմբեր 16ի ուշ երեկոյեան արդարեւ , Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խորհուրդը միաձայն որոշած էր, թէ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին համար կ՝առաջարկէր «Հայռուսկազարդ» ընկերութեան նախագահ Կարէն Կարապետեանի թեկնածութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.