2010-12-20 13:29:36

Ազատ Գասպարեանն Ու Սիլվա Եուզբաշեանը Արժանացան «Ուիլեըմ Սարոյեան» Շքանշանին


Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ, Դեկտեմբեր 14ին տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» խորագիրով ծրագիրի 2010ի աւարտական հանդիսութիւնը, որուն նպատակն է՝ սփիւռքահայ անուանի գործիչներու, մեծանուն հայորդիներու մեծարմամբ նոր սերունդին մէջ զօրացնել հայրենասիրութեան ու հայրենաշինութեան առաքինութիւնը: Ծրագիրին ծիրէն ներս, նոյն օրը, սփիւռքի նախարարի որոշումով ու հրամանագիրով, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Ազատ Գասպարեան ու ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Սիլվա Եուզբաշեան արժանացան «Ուիլեըմ Սարոյեան» շքանշանին: ««Մեր մեծերը» կոչուող ծրագիրի շրջանակներում ուղղակի անկարելի է այս մարդկանց չշնորհել այս մեծ գրողի անուան մետալները, որովհետեւ նրանց վաստակը մեր արուեստում եւս շատ մեծ է», ըսած է իր խօսքին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.